Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Սենատի Յանձնաժողովը Օրինագիծէն Հանեց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Յօդուածը

Ֆրանսայի Սենատի Յանձնաժողովը Օրինագիծէն Հանեց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Յօդուածը

by MassisPost

Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատի՝ Սենատի յանձնաժողովը «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» օրինագիծէն հանեց այն յօդուածը, որ կը վերաբերէր ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու ժխտումը պատժելուն:

Այս լուրը յատուկ հաղորդագրութեամբ տարածած է Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը՝ միաժամանակ արտայայտելով իր վրդովմունքը:

«Սենատի այդ որոշումը վրդովեցուցի չ է, քանի որ Ազգային ժողովի պատգամաւորները միաձայն հաւանութիւն տուած էին կառավարութեան կողմէ օրինագիծին աւելացուած այդ յօդուածին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» օրինագիծը, յիշեցնենք, Ազգային ժողովին քուէարկուած էր յուլիս 1-ին, որմէ ետք նախարարներէն մէկը նոյնիսկ յայտարարած էր, որ եթէ մինչեւ հիմա միայն հրեաներու Ողջակիզման ժխտումը պատժելի էր, ապա այսուհետեւ պատժելի պիտի ըլլան ֆրանսական կամ միջազգային իրաւասու որեւէ ատեանի կողմէ դատապարտուած բոլոր ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու ժխտումը:

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը նաեւ նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը, պաշտօնապէս ճանչցուած ըլլալով Ֆրանսայի խորհրդարանի կողմէն 2001 թուականի յունուար 29-ի օրէնքով, կը համապատասխանէ Սահմանադրական խորհուրդի նկատառումներուն: Վերջինս, մերժելով ընդունիլ «յիշողութեան օրէնքները», 2012 թուականի փետրուար 28-ին, ընդունած էր միայն օրէնքով ընդունուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը պատժելու մասին որոշում:

Ուստի, անհասկանալի համարելով Սենատի ցեղասպանութիւններու ժխտումը պատժելի ճանչցող յօդուածը հանելու մասին որոշումը, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը անոր հետին կը տեսնէ Թուրքիոյ ձեռքը:

«Սենատը չի կրնար վարկաբեկել ինքնիրեն որոշմամբ մը, որ կը թուի թէ կատարուած է թրքական կառավարութեան ճնշման հետեւանքով»,- յայտարարեց խորհուրդը՝ կոչ ընելով Սենատին վերանայիլ իր որոշումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment