Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱԿ-ի Գերագոյն Յանձնակատարը Քննադատեց Հայաստանի Իշխանութիւնները

ՄԱԿ-ի Գերագոյն Յանձնակատարը Քննադատեց Հայաստանի Իշխանութիւնները

by MassisPost

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարը քննադատեց Հայաստանի իշխանութիւնները՝ կառոյցին հետ լիարժէք չհամագործակցելու համար: «Միջազգային փորձագէտները, մինչ այժմ, չեն կրնար մտնել Լեռնային Ղարաբաղ»,- յայտարարեց գերագոյն յանձնակատար Զիատ Ռաատ ալ-Հուսէյինը Ժնեւի մէջ՝ Մարդու իրաւունքներու հարցերով խորհուրդի 33-րդ նիստին:

«Կը ցաւիմ, որ Հայաստան, մինչ այժմ, լիովին չի համագործակցիր Թիֆլիսի մէջ գտնուող մեր ներկայացուցչութեան հետ, որ կ΄աջակցի Հարաւային Կովկասի երկիրներուն: Այդ իսկ պատճառով, մենք անկարող ենք համագործակցիլ եւ լիարժէք կապ պահպանել Հայաստանի կառավարութեան, պետական մարմիններու ու քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու հետ», – ըսած է ան:

Ամփոփելով մարդու իրաւունքներու վիճակը աշխարհի մէջ՝ ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեան յատուկ անդրադարձէր է «սառեցուած հակամարտութիւններուն», փաստելով՝ չճանչցուած կամ վիճայարոյց այս տարածքներուն մէջ միլիոնաւոր մարդոց անորոշութեան մէջ ապրուստը:

Զիատ Ռաատ ալ-Հուսէյին խոր մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ Աբխազիոյ, Հարաւային Օսիայի եւ Ղրիմի վերաբերեալ, ընդգծելով՝ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գրասենեակը կը շարունակէ հաղորդումներ ստանալ բռնութիւններու, կամայական ձերբակալութիւններու եւ կտտանքներու մասին, սակայն տեղական իշխանութիւնները, չնայած ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի բազմաթիւ դիմումներուն, կը մերժեն միջազգային իրաւապաշտպաններու մուտքը ապահովել:

Արդէն երկու տարիէ այս պաշտօնը զբաղեցնող Զիատ Ռաատ ալ-Հուսէյինը ընդգծած է՝ միջազգային դիտորդներու առջեւ դռները փակելով կառավարութիւնները միայն կը խորացնեն առկայ կասկածները: «Հարց կը ծագի՝ իրականութեան մէջ ի՞նչ կը փորձեն մեզմէ թաքցնել», – յայտարարեց ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարը՝ կառոյցի անդամ բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղելով լիարժէք համագործակցիլ իրենց հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment