Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ Ամերիկեան Ծնողազուրկ եւ Հաշմանդամ Երեխաներու Հիմնադրամի Տարեկան 17-րդ Թելեթոնը

Հայ Ամերիկեան Ծնողազուրկ եւ Հաշմանդամ Երեխաներու Հիմնադրամի Տարեկան 17-րդ Թելեթոնը

by MassisPost

balayan-flayerwebԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրակի, Սեպտեմբեր 25, կ.ե. ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 12:00-ը, Լոս Անճելըսի հայկական հեռատեսիլի հինգ կայաններէն – Shant (388), AABC (384), High Vision (381), ITN (383), եւ US Armenia (386) – պիտի հեռարձակուի Հայաստանի ծնողա-զուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու, ինչպէս նաեւ` մանկատուներու վերանորոգման հիմնադրամի 17-րդ տարեկան թելեթոնը:

17 տարի առաջ խումբ մը ազգայիններ, գլխաւորութեամբ`  իրանահայ ծանօթ եւ բեղուն հասարակական գործիչ, «Քաջ Նազար» երգիծական ամսագրի 40 տարիներու խմբագիր հրատարակիչ Յովհաննէս Բալայեանի, որ նաեւ 20 տարիներէ ի վեր հիմնադիրն ու հաղորդավարն է շաբաթական 3-ժամեայ «Քաջ Նազար» հեռուստածրագրին, որ կը հեռասփռուի Ա.Մ.Ն.ի, Գանատայի եւ Մեքսիկոյի տարածքին: Յովհաննէս Բալայեանն ու իր շուրջ բոլորուած նուիրեալ ազգայինները հիմը դրին այս հայրենանուէր սուրբ եւ պատուական գործին, որն է`  օժանդակութեան ձեռք երկարել հայրենիքի բազմակարօտ մեր ժողովուրդին, երկրաշարժին, պատերազմին  զոհ դարձած մեր  ազատամարտիկներու ծնողազուկ երեխաներուն` անոնց համար մարդավայել մանկատուներ կառուցելով կամ վերանորոգելով, ֆիզիքական եւ հոգեկան սնունդ հայթայթելով, առօրեայ  բնական պայմաններ ստեղծելով: Այս հայրենակիցները, հայրենասիրական բոցավառ սիրով եւ հաւատքով գործի լծուեցան աստուածահաճոյ այս ծառայութիւնը ընելու: Եւ 17 տարի շարունակ, այս բարեհոգի հայերը, իրենց տունը, հանգիստը թողած, ամէն տարի 9-10 ժամ հեռատեսիլի միջոցաւ ժողովուրդին կը դիմեն, իրենց կատարած գործերուն լուսանկարները, տեսաերիզները եւ վկայութիւնները ցուցադրելով նուիրատու հասարակութեան:

Իսկ ժողովուրդը, իր հերթին մեծապէս գնահատելով այս գործը, մեծագոյն յօժարութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ իր մասնակցութիւնը բերած է թելեթոնին, խորապէս վստահելով զայն վարող պատասխանատուներուն, նախագահութեամբ`  Յովհաննէս Բալայեանի:

«Մեծ Եղեռնի օրերուն, հայրս եւ մայրս Լիբանանի Ճիպէյլի որբանոցը չորս տարի ապրեցան: Անոնց ուսում, սնունդ եւ երդիք տուին,- կը պատմէ գաղութիս պատուական իրաւաբաններէն մին: – Հայրս եւ մայրս այդ որբանոցէն ելլելէ ետք, համալսարանական ուսում առին եւ ամուսնացան իրարու հետ եւ ունեցան երեք զաւակներ: Ես միշտ ալ մեծապէս գնահատած եմ Լոս Անճելոսի` Հայաստանի ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներուն օգնող այս հիմնադրամը, քանի որ այս որբերէն չենք գիտեր ինչպիսի¯ մեծ մարդիկ, ազգին եւ հայրենիքին օգտակար եղող ազգայիններ կրնան ելլել: Ծնողքս լաւագոյն օրինակներն են. համալսարանական բարձրագոյն ուսում առին, բարձր դիրքի պաշտօններ ունեցան եւ երեքս ալ` ես, եղբայրս եւ քոյրս, ազգային կեանքի մէջ ենք: Ես ամէն տարի իմ մասնակցութիւնս կը բերեմ այս գործին եւ կոչ կ’ընեմ ողջ հայութեան որ իրենք ալ բնաւ չզլանան Սեպտեմբերի 25-ին իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս թելեթոնին»:

Անցեալ տարի, Հայ Ամերիկեան ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու հիմնադրամը վերանորոգեց Կիւմրիի մէջ գործող հոյակապ վարժարան մը, որ անուանուեցաւ «Եօթը Հրեշտակաց Մանկապարտէզ», ի յիշատակ Կիւմրիի մէջ ռուս խելագար զինուորի մը կողմէ վայրագօրէն սպաննուած Աւետիսեան ընտանիքի եօթը անդամներու: Առաւել, հիմնադրամը մանկատան նուիրեց 120 մահճակալ իր ներքնակով, վերմակով եւ բարձով, բոլորն ալ մաքուր բուրդէ բաղկացած: Նաեւ, անցած 16 տարիներու ընթացքին Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով 220 հազար նուէրներ բաժնեց մանկատուներու եւ դպրոցներու կարիքաւոր երեխաներուն:

Այսօր Սփիւռքի մէջ ունինք անձնազոհ ազգայիններ, հոգ չէ թէ սակաւաթիւ, բայց անոնք իրենց մեծագործութիւններով կը փայլին մեր հասարակութեան կեանքին մէջ:

Անոնք տիւ ու գիշեր կը հասնին մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի բազմաթիւ կարիքներուն: Անոնք իրենց ազնիւ գործունէութեամբ միշտ ալ արժանացած են մեր ժողովուրդի օրհնութեան եւ աղօթքներուն:

Կիւմրիի քաղաքապետարանը եւ հայրենի ժողովուրդը միշտ ալ բարձր գնահատած են մեր ժողովուրդի նուիրատուներն ու բարերարները:

Սիրելի հայրենակիցներ, եկէք բոլորս ալ Սեպտեմբեր 25-ին մեր առատաձեռն նուիրատուութեամբ սատար հանդիսանանք 17-րդ թելեթոնին, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի Կիւմրիի մէջ ուրիշ դպրոցի մը նորոգութեան:

Իսկ անոնք որոնք կը փափաքին դասարան մը կամ որոշ շօշափելի նորոգութեան հովանաւորութիւնը ստանձնել, կրնան կապ հաստատել այս հիմնադրամի պատասխանատուներուն հետ:

Ի վերջոյ, ինչ կը մնայ մարդուս համար, եթէ ոչ նման ազգաշէն եւ ազգօգուտ ծրագիրներուն տուած մեր գումարներուն պատճառած հոգեկան գոհունակութիւնն ու գործնապէս հայրենաշէն, հայրենակերտ եւ աստուածահաճոյ նպատակներու իրագործման մասնակցած ըլլալու արդար հպարտութիւնը:

Կ’սպասենք Ձեզ, հայ ժողովուրդ:

Բոլորս միասնաբար մասնակցինք եւ ցայտուն յաջողութեան վերածենք Սեպտեմբեր 25-ին տեղի ունենալիք Հայ Ամերիկեան ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու հիմնադրամի 17-րդ թելեթոնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment