Սեպտեմբեր 15-ին, Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսը կը քննարկէ Ազրպէյճանի մէջ, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան բնագաւառին տիրող կացութիւնը:
Փոխանցելով այս տեղեկութիւնը՝ «Թուրան» գործակալութիւնը նաեւ կը նշէ, որ քննարկումները պիտի ընթանան Լանտոսի յանձնաժողովի նիստի ընթացքին: Լանտոս՝ Գոնկրեսի մէջ, գործող յատուկ կառոյց է, որ կը հետեւի աշխարհի տարբեր պետութիւններու մէջ, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վիճակին:
Գոնկրեսականներէն բացի, լսարաններուն կը մասնակցին նաեւ Պաքուի՝ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռիչըրտ Գոզլարիչը, «Ազրպէյճանի ժողովրդական ճակատ» կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քերիմլիի որդին` Թուրքել Քերիմլին:
Լսարաններուն հեռուստակամուրջի միջոցով կը մասնակցի նաեւ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի ատրպէյճանական ծառայութեան աշխատակից Խատիճա Իսմայիլովան: