Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ «Խոստումը» ֆիլմը Թորոնթօ Միջազգային Կինոփառատօնին

«Խոստումը» ֆիլմը Թորոնթօ Միջազգային Կինոփառատօնին

by MassisPost

Երկար տարիներ Հոլիվուտ աշխատող իռլանդացի բեմադրիչ Թէրի Ճորճի` Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմի համաշխարհային առաջին ներկայացումը կայացաւ անցեալ կիրակի, Թորոնթոյի միջազգային կինոփառատօնի շրջանակէն ներս:

Ֆիլմի ստեղծման գլխաւոր նախաձեռնողը, ի դէպ, անցեալ տարի կեանքէն հեռացած Քըրք Քրքորեանն էր: Հայազգի միլիարտատիրոջ անունը տեղ գտած է նաեւ՝ «Խոստման» ենթավերնագրերուն մէջ․ Քրքորեանը անոնցմով կը յիշատակուի, որպէս ֆիլմի գործադիր արտադրող:

the-promise-2Կինոնկարի թեմայի հիմքը կը ներկայացնէ, Պոլիս ուսանող հայազգի բժիշկ՝ Միքայէլի, Փարիզէն հայրենիք վերադարձած նկարչուհի Աննայի եւ ամերիկացի լրագրող Քրիստոֆըրի` 1915 թուականի իրադարձութիւններու հիման ծաւալուող բարդ յարաբերութիւնները: «Հայոց ցեղասպանութեան տոքթոր Ժիւակօ» եւ «սիրային եռանկիւնի»` այսպէս կը բնութագրէ ֆիլմի թեման Hollywood Reporter-ը:

Ինչպէս սպասուած էր, Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ֆիլմի ցուցադրութիւնը քաղաքական խայտառակութեան պատճառ դարձաւ: «Երկուշաբթի օր, ֆիլմի առաջին ներկայացումէն մի քանի ժամ անց, IMDB կայքին մէջ աւելի քան 10 հազար մարդ արդէն իսկ քուէարկած եւ չափազանց ցած գնահատական տուած էր «Խոստումը» ֆիլմին: Իրականութեան մէջ, սակայն, քուէարկողներու մեծամասնութիւնը չէր ալ դիտած ֆիլմը, իսկ յարձակումներու պատճառը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ ժխտողականութիւնն է»,- կը գրէ գանատական Toronto Sun պարբերականը:

Թրքական կողմի կոշտ արձագանքի մասին ֆիլմի ցուցադրութեանը յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ կը խօսէր նաեւ անոր հեղինակը` Թէրի Ճորճը:

«Առկայ է թրքական կառավարութեան քաղաքական ազդեցութիւնը, որուն արդէն մէկ հարիւրամեակէ ի վեր կը յաջողի ժխտել տեղի ունեցածը: Այսօր այդ ժխտողականութեան ռազմավարական նշանակութիւնը թուրքերու համար աւելի կարեւոր է, այդ փորձաքար է անոնց համար: Ամէն անգամ, երբ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը յիշատակուի` ըլլայ այդ 100-րդ տարելիցը թէ նման ֆիլմի մը նկարահանումը, մենք կը դառնանք ժխտողականութեան իսկական տարափի մը ականատեսը», – կը նշէ Թէրի Ճորճ:

«Պատմական հետազօտութիւններու ճնշող մեծամասնութիւնը յստակօրէն կը  նշէ, որ տեղի ունեցածը հայ ժողովրդին ոչնչացնելու նախապէս ծրագրուած փորձ էր: Մենք պէտք է վերջ տանք ուշադրութիւն շեղող այդ քննարկումներուն` եղած է ցեղասպանութիւն, թէ՝ ոչ, եւ փորձենք այս հարցերու պատասխանները գտնել՝ ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ այդ ամէնը և ինչպէ՞ս հնարաւոր է հաշտեցնել այդ երկու ազգերը»,- կը շեշտէ ֆիլմի հեղինակը:

Կինոնկարի գլխաւոր դերակատարը` պոլսեցի բժիշկ Միքայէլի կերպարը մարմնաւորած Օսքար Այզէքը նոյն մամլոյ ասուլիսին ժամանակ անկեղծօրէն խոստովանած էր, որ մինչեւ ֆիլմի նկարահանումները ընդհանրապէս որեւէ պատկերացում չունէր 1915-ին հայերու հետ տեղի ունեցածի մասին:

«Իրապէս, ես ամօթալիօրէն տգէտ էի այս հարցին շուրջ: Ինծի համար նկարահանումներու գործողութեան կարեւոր մասը դարձաւ Ցեղասպանութիւնը վերապրած մարդկանց յուշերու ընթերցումը»,- կը նշէ Այզէք:

Աւելցնենք, որ «Խոստումը» ֆիլմի բեմադրիչ Թէրի Ճորճ, արդէն երկրորդ անգամն է, որ կ΄անդրադառնայ ցեղասպանութիւններու թեմային: Ճորճը թութսիներու ցեղասպանութեան մասին պատմող Hotel Rwanda ֆիլմի հեղինակն է, որը մեծ էկրան բարձրացաւ 2004 թուականին` հեղինակներուն շուրջ 35 միլիոն տոլարի շահոյթ ապահովելով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment