Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Բազմահազարանոց Հանրահաւաք Իլհամ Ալիեւի Նախաձեռնած Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն Դէմ

Բազմահազարանոց Հանրահաւաք Իլհամ Ալիեւի Նախաձեռնած Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն Դէմ

by MassisPost

Ազրպէյճանի ընդդիմութիւնը, երէկ, առաջին բազմահազարանոց հանրահաւաք կազմակերպեց Իլհամ Ալիեւի նախաձեռնած սահմանադրական փոփոխութիւններուն դէմ: Ցոյցի կազմակերպիչներէն մէկը՝ Ժողովրդական ճակատի առաջնորդ Ալի Քերիմլին փաստեց, որ ընդդիմադիր խումբ մը կուսակցութիւններ ու հասարակական կազմակերպութիւններ կողմ դրած են տարաձայնութիւններն ու միաւորուած յանուն ժողովրդավար ու ազատ Ազրպէյճանի:

«Մենք ոչ կ’ըսենք փչացածութեան, ժողովուրդի թալանին, անարդար դատարաններուն, ապաշնորհ կառավարմանն ու միապետութեան: Ալիեւի ընտանիքն արդէն երրորդ անգամ ըլլալով կը փոխէ Սահմանադրութիւնը՝ իր դիրքերն ամրապնդելու համար: Առաջին հանրաքուէով երաշխաւորուեցաւ՝ իշխանութեան անցումը հօրմէն՝ որդուն, երկրորդով՝ հաստատուեցաւ անոր անսահմանափակ իշխանավարման իրաւունքը», – յայտարարեց Քերիմլին:

Սահմանադրութեան այս փոփոխութիւններով ալ կ’առաջարկուի երկարաձգել նախագահի պաշտօնավարման ժամկէտը՝ 5 տարիէն հասցնելով 7-ի, անկէ զատ, հնարաւորութիւն կը տրուի երկրի ղեկավարին մինակը լուծարել խորհրդարանը: Ամենաուշագրաւը, սակայն, ըստ ընդդիմադիրներուն, նախագահի առաջարկն է, տարիքային շեմի վերաբերեալ․ եթէ մինչեւ այսօր երկրի ղեկավար դառնալու համար թեկնածուն պէտք ըլլար առնուազն 35 տարեկան, ապա այժմ կ’առաջարկուի այդ սահմանափակումը հանել, պատգամաւոր դառնալու շեմն ալ 25 տարեկանէն իջեցնել 18-ի: «Այս ամէն կ’ընեն Ալիեւներու որդի՝ կրտսեր Հայտարի համար», – կը պնդեն ընդդիմախօսները:

«Կոչ կ’ընենք չի մասնակցիլ սահմանադրական հանրաքուէին, քանի որ ան կը ծառայէ միայն մէկ մարդու՝ Իլհամ Ալիեւի շահերուն», – յայտարարած էր Ժողովրդական ճակատի առաջնորդը, մինչ ցուցարարները, դիմելով Ալիեւին, կը վանկարկէին՝ «հեռացի՛ր»:

Հանրահաւաքի աւարտին ընդդիմադիրները համատեղ բանաձեւ ընդունեցին՝պահանջելով իշխանութիւններէն չեղարկել հակաժողովրդավարական հանրաքուէն, ազատ արձակել քաղբանտարկեալներուն, երաշխաւորել դատարաններու ու խորհրդարանի անկախութիւնը եւ բարձրացնել աշխատավարձերը՝ մանաթի արժեզրկման համապատասխան:

«Մի կողմէն, մենք ունինք ժողովուրդ, որ կը տառապի աղքատութեան մէջ, որ կարիքէն դրդուած՝ բժիշկի անգամ չի դիմէր, սովորական կրթութիւն չի ստանար, չի կրնար վարկերու տոկոսները մարել, միւս կողմէ՝ իշխանաւորներ, որ ունին փառահեղ ամարանոցներ, այգիներ կը կառուցեն եւրոպաները: Մենք դէմ ենք այս անհաւասարութեան եւ ոչ կ’ըսենք թալանին», – յայտարարած էր Ալի Քերիմլին:

Սեպտեմբեր 26-ին, նախատեսուած հանրաքուէին ընդառաջ, այս մէկը Ազրպէյճանի իշխանութիւններու արտօնած առաջին հանրահաւաքն էր՝ միջազգային հանրութեան տեւական քննադատութիւններէն յետոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment