Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սարգսեան Այդ Փոփոխութիւնը Կ’ընէ՞ր, Եթէ Տեղի Չունենար ՊՊԾ Գունդի Գրաւումը

Սարգսեան Այդ Փոփոխութիւնը Կ’ընէ՞ր, Եթէ Տեղի Չունենար ՊՊԾ Գունդի Գրաւումը

by MassisPost

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականի նկատմամբ, ԱԺ Սոցիալական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀԿ-ական Յակոբ Յակոբեան ըսաւ.- «Կը կարծեմ, որ նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը եւ վաղուան վարչապետը, կը կիսեն իրենց մօտեցումները, որովհետեւ երկուքին նպատակն ալ նոյնն է, որ վաղուան քաղաքացին զգայ փոփոխութիւն սեփական մաշկի վրայ»:

Տիգրան Սարգսեանէն յետոյ, Յովիկ Աբրահամեանի վարչապետութեան շրջանին փոփոխութիւններուն մասին Յակոբ Յակոբեան ըսաւ.- «Որպէս Սոցիալական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ կրնամ ըսել հետեւեալը. փոփոխութիւնները մարդ իր մաշկին վրայ կրնայ զգալ գոնէ 10 տարուան ընթացքին: Երբ ինծի հարցնեն, թէ՝ երբ կը կրճատուի աղքատութիւնը, ես կը պատասխանեմ՝ աղքատութիւնը երկար պէտք է կրճատուի: Մեր ՀՆԱ-ն եթէ այսօր 11 մլ րդ տոլար է, գոնէ պէտք է դառնայ 15 մլ րդ տոլար, որ մենք մեր աչքով տեսնենք աղքատութեան կրճատումը»:

Ան յայտնեց, որ քաղաքական ուժերը բարոյական առումով պարտաւոր են մաս կազմել նոր ձեւաւորուելիք ազգային համաձայնութեան կառավարութեան:

Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ձեւաւորման մասին Սերժ Սարգսեանը խօսեցաւ, «Սասնայ Ծռեր»-ու գործողութենէն յետոյ, հարցական է, թէ Սարգսեան այդ փոփոխութիւնը կ՛ընէ՞ր, եթէ տեղի չունենար ՊՊԾ գունդի գրաւումը, ՀՀԿ-ական պատգամաւորը ըսաւ.- «Հասարակութեան մէջ բեւեռացումները, կուտակուող հակասական յարաբերութիւնները, որոնց իբր արդիւնք կը ծնին նոր երեւոյթներ: Իմ կարծիքով, ՊՊԾ գունդի հետ կապուած «Սասնա Ծռեր»ու գործողութիւնը արագացուց այս ամէն ինչը: Եթէ չ՛ըլլար նման գործողութիւն, այս արդիւնքին կը հասնէինք 3 կամ 4 տարի յետոյ: Նախագահը յայտարարեց, ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ձեւաւորման մասին, որպէսզի կառավարման համակարգին մէջ հասարակութեան բեւեռացուած տարբեր շերտերու ընդգրկումով կարենանք հանել այդ բեւեռացումը»:

Կարէն Կարապետեանի, ՀՀ վարչապետ նշանակման լուրերուն մասին, Յակոբ Յակոբեան յայտնեց.- «Իմ գնահատականը չէ, բայց հասարակութեան գնահատականը՝ դրական է»:

bavelmanoukianԻշխանութիւնը շուտով կը փոխուի
«Սասնայ Ծռեր» զինուած խումբի անդամ՝ Պաուէլ Մանուկեան, յայտնեց, թէ ինքզինք գերազանց կը զգայ, եւ իր առաքելութիւնը տակաւին աւարտած չի համարէր: Ան ըսաւ.- «Նոր սկսէր ենք, մինչեւ չի տեսնենք ապահով, ազատ եւ ինքնաբաւ Հայաստան, սակայն տակաւին չենք հասած մեր նպատակին»: Նշենք, որ այսօր կէսօրին «Դատապարտեալներու հիւանդանոց»-էն, տեղափոխուեցաւ «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն, ուր յետազոտութիւններէն յետոյ, հաւանաբար վաղը, կ՛ենթարկուի ոտքի երկրորդ վիրահատութեան եւ կը տեղադրուի մետաղական հարթակ ։

Պաուէլ Մանուկեանի սկզբունքներուն համաձայն, պէտք է երկրին մէջ փոփոխութիւններ ըլլան, մանաւանդ «Սասնայ Ծռեր»-ու ստեղծած իրավիճակէն ետք: «Մեր պատկերացմամբ, իշխանութիւնը շուտով կը փոխուի, որովհետև պատահական փոփոխութիւնները, որեւէ արդիւնքի չեն հասցնէր»,- յայտնեց Մանուկեանի փաստաբան՝ Յարութիւն Պաղտասարեան, մատնանշելով վարչապետին հրաժարականին:

Ըստ փաստաբանին, Մանուկեան լուրջ մարմնական վնասուածք ստացած էր, քանի որ անոր ազդոսկրը հրազէնային վիրաւորումէ, փշրուեր է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment