Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպասելով Նոր Վարչապետի Գալուստի

Սպասելով Նոր Վարչապետի Գալուստի

by MassisPost

Վերջին շրջանին տարածուող շշուկները` Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի պաշտօնէն հեռացման մասին, ըստ երեւոյթին, իրականութիւն դառնալու վրայ են: Չորեքշաբթի երեկոյեան, այս տողերը գրելու պահուն, «Ռոյթըրզ» միջազգային  մամլոյ   գործակալութիւնը Երեւանէն կը հաղորդէր, որ յաջորդ օրը` Սեպտեմբեր 8-ին տեղի ունենալիք իշխող Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստի օրակարգի  վրայ է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականի եւ փոխարէնը` գործարար Կարէն Կարապետեանը   նշանակելու հարցը:

Ապրիլեան պատերազմի արդիւնքները, Արցախեան հարցով միջազգային ճնշումները, երկրի տնտեսական անկումը ու ասոնց վրայ  գումարած  յուլիսեան դէպքերը, որոնք ստացան ժողովրդային ապստամբութեան բնոյթ, անել վիճակի առջեւ դրած են իշխող համակարգը:

Վարչապետի փոփոխութեամբ ժողովրդային դժգոհութիւնը մեղմացնելու քաղաքականութիւնը նորութիւն չէ Հայաստանի իշխանութեան վերնախաւին համար: Սակայն, ներկայիս կը տիրէ այնպիսի իրավիճակ, որ վարչապետի անձի փոփոխութեամբ  կարելի չէ յաղթահարել առկայ դժուարութիւնները, թէկուզ ժամանակաւոր:

«Սասնայ Ծռեր» խումբին կողմէ հնչած պահանջներու շարքին կար նաեւ  վստահութիւն ներշնչող ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն կազմելու հարցը: Այս մասին հետագային անդրադարձաւ նաեւ նախագահ  Սերժ Սարգսեան, սակայն չյստակեցնելով, թէ երբ կը նախատեսուի նման կառավարութիւն մը:  Հանրապետական կուսակցութեան շրջանակները, այդ կառավարութեան  կազմութիւնը կը յետաձգէին մինչեւ յառաջիկայ գարնան տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները:

Այժմ, երբ նոր կառավարութեան  հարցը սեղանի վրայ է, լաւագոյն տարբերակը  պիտի ըլլար, լայն լիազօրութիւններով օժտուած  ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը, որուն  մէջ  ներկայացուած ըլլալ ե°ւ իշխանութեան եւ ընդդիմադրութեան ներկայացուցիչները, որպէսզի ճամբայ հարթուի նաեւ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կայացման:

Գիտենք, որ այս նպատակի իրականացումը այդքան ալ դիւրին չէ` կողմերուն միջեւ տիրող անվստահութեան պատճառաւ, սակայն առաջին փորձը պէտք է   կատարել այսօր իսկ, մեկնելով երկրի գերագոյն շահերէն:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment