Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մայր Աթոռը Հինգ Հարիւր Հազար ԱՄՆ Տոլար կը Փոխանցէ Արցախին

Մայր Աթոռը Հինգ Հարիւր Հազար ԱՄՆ Տոլար կը Փոխանցէ Արցախին

by MassisPost

Սեպտեմբեր 6-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարքի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Ստեփանակերտի մէջ իր աշխատանքը սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հերթական ժողովը։

Ժողովի բացման, ԳՀԽ հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներուն հայրապետական իր օրհնութիւնն ու պատգամը տուաւ Նորին Սրբութիւնը՝ մասնաւոր իր գնահատանքը փոխանցելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ՝ Բակո Սահակեանին եւ Արցախի թեմի առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանին, Արցախի 25-ամեակի տոնախմբման այս օրերուն ԳՀԽ ժողովը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անցընելու հրաւէրին համար։ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր նկատեց ԳՀԽ ժողովներու պարբերական գումարումը հայոց տարբեր թեմերու մէջ, ինչ որ խանդավառութիւն եւ հոգեւոր կեանքի զօրացման մեծ խթան կը հանդիսանայ համայնքներու համար։

«Արցախ աշխարհ այս այցը ուխտագնացութիւն է մեզի համար․ մէկ հող, ուր ամփոփուած են մեր նախնեաց յիշատակները, ուր կը գտնուին բազում սրբավայրեր։ Եկած ենք մեր խոնարհումը բերելու, ծնրադրելու նուիրական այդ սրբավայրերուն մէջ եւ մեր աղօթքն առ Աստուած բարձրացնելու Արցախի ապահովութեան եւ արցախահայութեան բարօր կեանքի համար», – ըսաւ Գարեգին Բ. Հայրապետը՝ ընդգծելով, որ Հայոց  Եկեղեցին իր աշխարհասփիւռ թեմերով ու համայնքներով միշտ եղած է եւ կը մնայ արցախահայութեան կողքին, աջակից եւ զօրակից Արցախին՝ իր արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ։

Այս կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը տեղեկացուց, որ այցի առիթով Ս․ Էջմիածնի և Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան թեմերու անունով Մայր Աթոռը վերստին հինգ հարիւր հազար ԱՄՆ տոլար կը փոխանցէ Արցախին՝ արցախահայութեան կարիքներուն համար։

Հայոց Հայրապետն աղօթքով մաղթեց, որ Աստուած Իր Ս․ Աջի հովանիին տակ խաղաղութեան մէջ պահէ Արցախ աշխարհը եւ բարօր ու անվրդով կեանք պարգեւէ անոր քաջարի ժողովուրդին։

Անդրադառնալով ժողովի օրակարգին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նշեց, որ քննարկուելիք խնդիրները մեծ կարեւորութիւն ունին Հայոց Եկեղեցւոյ ժողովական կառոյցներու գործունէութեան կանոնակարգման, Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւէտ կազմակերպման եւ առաջընթացի համար։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց ԳՀԽ անդամներուն իրենց նուիրումի եւ յանձնառութեան համար՝ արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթելով ԳՀԽ ժողովին։

Նախքան օրակարգի հարցերու քննութեան սկսիլը, ժողովականները աղօթք բարձրացուցին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վաղամեռիկ անդամ տիար Ալպէրտօ Ճերեճեանի (Արժանթին) հոգւոյն հանգստութեան համար։

Եռօրեայ ժողովի ընթացքին կը քննարկուին Ազգային-եկեղեցական ժողովի, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կանոնադրութիւններու մշակման, Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի կանոնադրութեան լրամշակման ընթացքին վերաբերող հարցեր, կը ներկայացուին զեկոյցներ եկեղեցական կառոյցներու եւ թեմերու գործունէութեան առնչութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment