Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանէն Արտաքսած Են Ստեփան Գրիգորեանը՝ «Քաղաքական Դրդապատճառներով»

Ռուսաստանէն Արտաքսած Են Ստեփան Գրիգորեանը՝ «Քաղաքական Դրդապատճառներով»

by MassisPost

Ռուսաստանի իշխանութիւնները երկրէն արտաքսած են ՀՀ քաղաքացի, «Կլոպալիզացիայի եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան» վերլուծական կեդրոնի ղեկավար Ստեփան Գրիգորեանը, թոյլ չտալով անոր դուրս գալ Մոսկուայի «Շերեմեթեւօ» օդակայանի տարածքէն:

Իր արտաքսման մասին Գրիգորեան երէկ նամակով տեղեկացուցած է Գիւմրիի «Ասպարէզ» ակումբի նախագահ Լեւոն Բարսեղեանին: Նամակին մէջ Գրիգորեան նշած է, որ Օգոստոս 30-ին, առաւօտեան ժամը 8-ին, ժամանած է «Շերեմեթեւօ» օդակայան, ուրկէ պէտք է մեկնէր ՌԴ մայրաքաղաք՝ այցելելու հօր՝ Մոսկուա գտնուող շիրիմը: Սակայն, օդակայանին մէջ ռուս սահմանապահները կանգնեցուցած են զինք՝ տեղեկացնելով, որ Գրիգորեանին մուտքը Ռուսաստան արգիլուած է՝ մինչեւ 2030 թուականը:

Վերլուծաբանին ներկայացուած է Ռուսաստանի Դաշնութեան «Ելքի եւ մուտքի կարգի վերաբերեալ» օրէնքը, զոր կ՛անդրադառնայ օտարերկրացիներու՝ քրէական եւ այլ կարգի խախտումներ պարունակող գործողութիւնները: «Այդ ամէնն ինձ հետ որեւէ առնչութիւն չունի, քանի որ վերջին 20 տարում ես Ռուսաստանում որեւէ գործունէութիւն չեմ ծաւալել»,- Բարսեղեանին ուղղուած իր նամակին մէջ գրած է Ստեփան Գրիգորեան, ընդգծելով՝ իր պարագային էական է օրէնքի միայն այն կէտը, որ կը վերաբերի այն օտարերկրացիներու արտաքսման, որոնք կը համագործակցին Ռուսաստանի մէջ անցանկալի նկատուող միջազգային կազմակերպութիւններու հետ:
«Ոչ մէկի համար գաղտնիք չէ, որ իմ ղեկավարած՝ «Կլոպալիզացիայի եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան» կեդրոնն աքտիւօրէն համագործակցում է եւրոպական հասարակական կազմակերպութիւնների, կեդրոնների, ժողովրդավարական ֆոնտերի հետ: Ակնյայտ է, որ Ռուսաստանի իշխանութիւնների որոշումը քաղաքական դրդապատճառներ ունէր: Յայտնի է, որ Ռուսաստանը ցանկանում է Հայաստանում նոյնպէս ճնշել քաղաքացիական հասարակութեան անկախ ինստիտուտների գործունէութիւնը»,- Ստեփան Գրիգորեան նշած է նամակին մէջ՝ շեշտելով, որ «Շերեմեթեւօ» օդակայանէն ներս գտնուելու ընթացքին ձեռքէն առած են անձնագիրը ու զրկած են ազատ տեղաշարժուելու հնարաւորութենէն:

Ստեփան Գրիգորեան իր նամակին մէջ տեղեկացուցած է, թէ արդէն իսկ դիմած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ իր իրաւունքները պաշտպանելու պահանջով: «Մի քանի օր կը սպասեմ պատասխանի, որից յետոյ ինքս գործողութիւններ կիրականացնեմ՝ իմ ոտնահարուած իրաւունքները պաշտպանելու համար»,- իր նամակն այսպէս եզրափակած Ռուսաստանէն արտաքսուած հայ քաղաքագէտը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն «Ազատութեան» ընդամէնը փոխանցեցին, որ կը զբաղին այս հարցով: Այդ հարցով կը զբաղի նաեւ Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը: Այս մասին «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց դեսպանութեան խօսնակ Լեւոն Թորգոմեանը: Արձագանքելով դիտարկման՝ հնարաւոր է, որ Ստեփան Գրիգորեան արտաքսումը քաղաքական դրդապատճառներ ունի, ինչպէս կը կարծէ ինք՝ Գրիգորեանը, դեսպանատան խօսնակն յայտնեց՝ երբ ունենան լրացուցիչ տեղեկութիւններ, այդ ժամանակ եւս կը յայտարարեն, թէ ինչով պայմանաւորուած է Ռուսաստանի իշխանութիւններուն որոշումը:

Արձագանքելով Ռուսաստանէն իր գործընկերոջ արտաքսելու փաստին, Գիւմրիի «Ասպարէզ» ակումբի նախագահ Լեւոն Բարսեղեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Ռուսաստանի իշխանութիւններն՝ Գրիգորեանը, անցանկալի անձ յայտարարած են,  հաշուի առնելով Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան ուղղուած՝ անոր քննադատութիւնները: Բարսեղեանի համոզմամբ, Ռուսաստանի «սեւ ցուցակ»ին մէջ Հայաստանի այլ քաղաքացիներ եւս կան՝ անոնք, որոնք երբեւէ քննադատական խօսքեր արտայայտած են այդ երկրի իշխանութիւններուն հասցէին:

Ռուսաստանէն արտաքսուած Ստեփան Գրիգորեան 1995-2000 թուականներուն աշխատած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, Ռուսաստանի ՀՀ դեսպանութեան մէջ դիւանագիտական բարձր պաշտօն վարած է, զուգահեռաբար հանդիսացած է ՀՀ ներկայացուցիչ ՀԱՊԿ-ի մէջ: Վարած է նաեւ արտաքին գործերու նախարարի խորհրդականի պաշտօն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment