Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պելճիքացի Խորհրդարանականները Լեռնային Ղարաբաղ Կ՛այցելեն

Պելճիքացի Խորհրդարանականները Լեռնային Ղարաբաղ Կ՛այցելեն

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն մեկն է: Այդ մասին յայտարարել է Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան՝ այսօր ընդունելով Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատի պատգամաւոր, Պելճիքա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլս վան Հուֆի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Սահակեան ընդգծած է, որ հակամարտութեան լուծումը Հայաստան կը տեսնէ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդական առաքելութեան հովանիի ներքոյ:

Անդրադառնալով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին՝ Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ Ազրպէյճան այդ օրերուն լայնածաւալ գործողութիւններով կոպտօրէն խախտած է զինադադարի պայմանագիրը, որու հետեւանքով եղած են բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:

Ան ողջունած է Պելճիքացի պատգամաւորներու յառաջիկայ այցը Լեռնային Ղարաբաղ: «Այդ այցերը չէզոքացնում են Արցախի տեղեկատուական մեկուսացուածութիւնը եւ լսելի են դարձնում Արցախի ժողովրդի ձայնը Եւրոպայում, ով պայքարում է իր ազատութեան, արդարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման համար»,- յայտնած է Գալուստ Սահակեան:

Ան նշած է, որ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի ընթացքին Հայաստանը մեծ աջակցութիւն ստացած է ԵԽԽՎ-ի մէջ Պելճիքայի պատուիրակութենէն՝ ատրպէյճանական լոպպիսթներուն կողմէ Ղարաբաղին վերաբերող միակողմանի եւ իրականութիւնը խեղաթիւրող բանաձեւերու քուէարկութեան ժամանակ:

Ազգային ժողովի նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Պելճիքայի իշխանութիւններուն 2015 թուականի Յուլիսին այդ երկրի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունման համար:

Էլս վան Հուֆը, կարեւորելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի ընդունումը, նշած է, որ պէտք է դատապարտել ցեղասպանութեան բոլոր ձեւերը՝ բացառելու համար այդ բոլորին կրկնութիւնը:

Խօսելով ԼՂ հիմնախնդիրէն՝ Էլս վան Հուֆը մէջբերած է Եւրամիութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի խօսքերն այն մասին, որ չորսօրեայ պատերազմն ամենածանրն ու դաժանն էր 1994 թուականին հաստատուած զինադադարէն ետք:

Տիկին վան Հուֆը նշած է, որ իրենք կը  հաւատան Մինսքի խմբակի համանախագահներուն գործունէութեան, եւ աւելցուցած, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումն իրենք կը տեսնեն խաղաղ բանակցային ճանապարհով՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ձեւաչափով: Ան ընդգծած է, որ հարցի կարգաւորման համար պէտք է տեղի ունենայ քաղաքական երկխօսութիւն, եւ պատրաստակամութիւն յայտնել է իրենց հնարաւորութեան սահմաններով ներդրում ունենալ խնդիրի կարգաւորման հարցէն ներս:

Պելճիքական պատուիրակութիւնն այսօր հանդիպած է նաեւ Ազգային ժողովի Հայաստան-Պելճիքա բարեկամական խումբի ղեկավար Շիրակ Թորոսեանին, խումբի անդամներ Կարինէ Աճեմեանին, Էլինար Վարդանեանին եւ Արմէն Ռուստամեանին հետ, այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը:

Պելճիքացի խորհրդարանականներուն ընդունած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment