Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ազատ Ու Անկախ Արցախը 25 Տարեկան է

Ազատ Ու Անկախ Արցախը 25 Տարեկան է

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այսօր կը նշէ, իր  անկախութեան 25-րդ տարեդարձը:  Արեան, հերոսական սխրանքներու եւ մեծ  զոհաբերումներու  գնով իր անկախութիւնը կերտած այս հողատարածքը, ոչ միայն  իր ժողովուրդին,  այլ համայն հայութեան հպարտութեան արգասիքն է: Գաղտնիք ալ չէ, որ արցախեան գոյամարտի առաջին օրերէն սփիւռքի հայութիւնն ալ, իր  տարբեր շերտերով, երանգներով  եւ գաղափարական տեսակներով  ապրեցաւ ու մաքառեցաւ  Արցախով եւ  յանուն Արցախի:

Եւ իրաւամբ,  հզօր խորհուրդ  էր երէկ ու հզօր  խորհուրդ կը մնայ այսօր ալ, որ Արցախի մէջ  եղող իւրաքանչիւր անկիւնադարձ սրտի տրոփ դառնալով  կը հասնի հայութեան ամէնէն հեռաւոր   կէտերուն   մէջ եղող  հայութեան:

Պիտի ըսէք պատմութեան    դաս, կամ    յաղթանակ  կերտած այու հպարտութեան վերջին  լաստ:  Պիտի ըսէք, ցաւէն ու տառապանքէն, վիշտէն ու գաղթականութիւնէն  վերապրած հայութեան    վերջին յոյսն էր Արցախը,  որուն  յաղթանակին ամրագրումը   դարձաւ պարտք մեր բոլորի ուսերուն:  Այո կան  այս բոլորը,  սակայն ասոնցմէ վեր եւ  անդին,   Արցախի հերոսական   պատմութեան դրուագներուն  մէջ ամրագրուած են, մեր   ցեղային խորհուրդի   իրական լաստերը:

Արցախը, ինչպէս երէկ այսօր ալ փրկութեան լաստ եղաւ մեզի համար:

Մեր ինքնութեան  տագնապներուն,  ձուլումի   թանձր խաւարին մէջ  դուրս ցայտող, իբրեւ յոյսի առագաստ, որուն  ապաւինելով մենք նոր խարիսխներ պիտի նետենք:

Արցախը  մաքրեց  մեր եսը,   Արցախը կերպարանք  ստացաւ   յաղթանակ  տարած մարդու հպարտութեամբ ու ատոր համար է, որ   ցանկացած  դէպքի  եւ ցանկացած կրակոցի  դիմաց , մենք  բոլորս իբրեւ մէկ  հայութիւն կը բոլորուինք հասնելու համար անոր բոլոր կարիքներուն:

Այսօր,  երբ տարբեր ամպիոններէ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ   խօսակցութիւններ     կը լսուին,  որ Արցախի   հիմնախնդրին   առընթեր զիջումներու   նոր  փուլ մը պիտի   ընթացք առնէ , Արցախի պատասխանը մէկ  է ու միահամուռ,որ  կ’ըսէ «Այն, ինչը որ  արիւնով առած ես  սակարկութեան  առարկայ  չի կրնար  դառնալ»:

Այս   ոսկեզօծ ճշմարտութեան իրական  տէրերը Արցախի հերոս տղաներն են, որոնք իրենց ունեցած ամենաթանկ   արժէքով՝ կեանքով պատրաստ են ամրօրէն  կառչած մնալ այդ հողին եւ մինչեւ  վերջին շունչ  պահպանել  հերոսական  Արցախի  սահմանները:

Աւարտին, տեղին է նշել, որ  25 -ամեայ Լեռնային Ղարաբաղի  Հանրապետութեան զարգացումն ու  հզօրացումը, ինչպէս  երէկ այսօր ալ պիտի մնայ մեր բոլորին   համար անյետաձգելի եւ առաջնային գերխնդիր:

«Արարատ»  Պէյրութ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment