Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մամետիարով. «Ղարաբաղեան Կարգաւորման Գործընթացին Բեկման Հնարաւորութիւն Կայ»

Մամետիարով. «Ղարաբաղեան Կարգաւորման Գործընթացին Բեկման Հնարաւորութիւն Կայ»

by MassisPost

«Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսաստանի նախագահի միջնորդութեամբ կայացած հանդիպումէն ետք ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցութիւնները կարծես ճիշդ ուղիի վրայ են», – երկուշաբթի օրը Թբիլիսի մէջ Վրաստանի արտաքին գործերու նախարար Միխէիլ Ճանելիձէի հետ բանակցութիւններու աւարտին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ազրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավար Էլմար Մամետիարովը` փեթերսպուրկեան հանդիպումը բնութագրելով որպէս բանակցային գործընթացի «կարեւոր դրուագ»:

«Տրամադրուածութիւն եւ համոզմունք կայ, որ մենք ճիշտ ուղղութեամբ կը շարժինք, որն իր հերթին կրնայ բանակցային գործընթացը բեկման հանգեցնել: Մենք կը կարծենք, որ նման հնարաւորութիւնն առկայ է: Խնդիրը շատ յստակ է․ մենք այդ կ՛անուանենք փոխշահաւէտ իրավիճակ, երբ ստեղծուած կացութենէն շահած կրնան դուրս գալ ո՛չ միայն այն մարդիկ, ովքեր ենթարկուած են էթնիք զտման եւ ներքին տեղահանուածներ դարձած են, այլեւ պետութիւններն ու կառավարութիւնները: Այս ամէնը կրնան փոխշահաւէտ համագործակցութեան հսկայական հնարաւորութիւններ ստեղծել», – նշած է Մամետիարովը:

«Քաղաքական կամք․ ահա այն հիմնական գործօնը, զոր անհրաժեշտ է ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին բեկումը ապահովելու համար», – համոզմունք յայտնել է Ազրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը՝ պնդելով․ – «Համապատասխան քաղաքական կամքի դրսեւորման եւ միջազգային իրաւունքի նորմերուն, արդէն իսկ ընդունուած բանաձեւերու ու փաստաթուղթերու, անոր կարգին, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերուն հանդէպ յարգանք ցուցաբերելու պարագային, մենք ի վիճակի կը գտնուինք ընդհանուր յայտարարի գալ, որու շնորհիւ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում կը հաստատուի: Այդ նախ եւ առաջ շահաւէտ պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարն իր թբիլիսեան այցի ընթացքին երէկ չշրջանցեց նաեւ Վրաստանի հետ համատեղ իրականացուող կենսուժային եւ փոխադրամիջոցային նախագիծերու, նախ եւ առաջ Պաքու – Թբիլիսի – Կարս երկաթուղիի շինարարութեան թեման: Մամետիարովի համոզմամբ, Հայաստանը շրջանցող այս երկաթուղիի շինարարութիւնն աւարտին կը հասնի արդէն յառաջիկայ ամիսներուն․ – «Վրաստան կատարած վերջին այցիս ընթացքին, լաւ բարեկամս Միխէիլ Ճանելիձէի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Չաւուշօղլուի հետ մէկտեղ, ինծի եւս գնացքով մինչեւ թուրք-վրացական սահման հասնելու բացառիկ հնարաւորութիւն  ընձեռուեցաւ: Կը կարծեմ, որ ինչպէս եւ խոստացուած է, այս տարի արդէն շահագործման կը յանձնուի երկաթուղիի վերջին՝ թուրքական հատուածը»:

Աւելցնենք, որ Մամետիարովի թբիլիսեան այցի ընթացքին կողմերը պայմանաւորուած են աշխատիլ եւս 15 երկկողմ համաձայնագիրներ մշակելու ուղղութեամբ: Արդէն գործող վրաց-Ազրպէյճանական համաձայնագիրներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 110-ի:

Յառաջիկայ օրերուն երկկողմ համագործակցութեան հեռանկարները քննարկելու նպատակով պաշտօնական այցով Պաքու կը մեկնի Վրաստանի վարչապետ Գէորգի Կվիրիկաշվիլին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment