Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարան Պերլինէն Կը Պահանջէ Հրաժարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան Պունտեսթակի Բանաձեւէն

Անգարան Պերլինէն Կը Պահանջէ Հրաժարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան Պունտեսթակի Բանաձեւէն

by MassisPost

Գերմանացի օրէնսդիրներուն հնարաւորութիւն կը տրուի այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայանը, եթէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը հրաժարի Պունտեսթակի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւէն: Այդ մասին այսօր յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:

Յիշեցնենք՝ պաշտօնական Անգարան,  Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը ընդունելէն վրդոված, արգիլած էր գերմանացի խորհրդարանականներուն մուտքը ռազմակայան, ուր Գերմանիան 6 հետախուզական օդանաւ ունի եւ վառելիքով վերալիցքաւորող թանկեր՝ ատոնցմով օժանդակելով «Իսլամական պետութեան» դէմ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած դաշինքի հարուածները: Գերմանացի օրէնսդիրները սպառնացել են դադարեցնել առաքելութիւնը, եթէ Թուրքիան թոյլ չտա իրենց այցելել ռազմակայան:

«Այդ կախուած է Գերմանիոյ ձեռնարկած քայլերէն: Եթէ անոնք անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկեն, մենք թոյլ կու տանք այցելել: Սակայն, դժբախտաբար, պէտք է ըսեմ, որ անոնց, որոնք անարդարացիօրէն կը խառնուին մեր պատմութեան եւ մեքենայութիւններ կ՛ընեն ատոր հետ, կարելի չէ թոյլատրել այդ այցելութիւնը», – Reuters լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Անգարաի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Չաւուշօղլուն, աւելցնելով, թէ «անհրաժեշտ քայլեր»՝ կը նշանակէ Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Պունտեսթակի բանաձեւէն հրաժարիլը եւ յստակեցնելը, որ չի սատարեր այն:

Գերմանիաոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը չէ մեկնաբանած Թուրքիաոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի յայտարարութիւնը՝ նշելով, որ խօսնակ Մարթին Սխեֆերը տուեալ թեմային անդրադարձած է ուրբաթ օր, երբ հարցուցած են Պունտեսթակի բանաձեւէն կառավարութեան հրաժարելու հնարաւորութեան մասին: «Գերմանական Պունտեսթակի բանաձեւը գերմանական սահմանադրական մարմինի քաղաքական հռչակագիր է: Կը կարծեմ՝ շատ լաւ գաղափար է․․․ որ սահմանադրական կառոյցները մէկը միւսի աշխատանքը մեկնաբանեն շատ զգուշօրէն, եթէ առհասարակ պէտք է մեկնաբանեն», – շեշտած  է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment