Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրթիռներ Ինկած Էն Հալէպի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մօտակայքը

Հրթիռներ Ինկած Էն Հալէպի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մօտակայքը

by MassisPost

Չորեքշաբթի օր Հալէպի հայկական շրջանները դարձած են թիրախ ընդդիմադիր զինեալներու հրթիռարձակումներուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Աղբիւրը հաղորդեց, որ Չորեքշաբթի յետմիջօրէին պայթուցիկ տակառներ ինկած են «Թէլէֆոն Հաուաի»ի շրջանին մօտ՝ պատճառելով նիւթական ծանր վնասներ:

Տրուած ըլլալով, որ հրթիռները ինկած են Հալէպի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մօտ եղող տարածքին մէջ, «Արեւելք» կապ հաստատեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանին հետ: Վերապատուելին, որ հաւաստեց, թէ հրթիռներուն հետեւանքով մարդկային կորուստներ չեն եղած, չթաքցուց նաեւ, որ Հալէպի հայկական շրջանակներուն համար, Չորեքշաբթի օրը եղած է շատ ծանր օր մը: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Այսօր բաւական դժուար օր էր մեզի համար եւ երկու հրթիռներ ինկան մեր եկեղեցիին մօտ: Դպրոցին բարձրագոյն յարկը մեծ թիւով երեխաներ քննութիւն կը ներկայացնէին եւ անոնք հրաշքով փրկուեցան»:

Վերապատուելի Սէլիմեան, որ հրթիռարձակումներէն անմիջապէս ետք հասած է դէպքի վայր, նկատել տուաւ, որ հրթիռները պատճառած են նիւթական մեծ վնասներ:

Նշենք, որ Հալէպի տարբեր շրջաններ եւս ենթարկուած էին ծանր հրթիռարձակումներու՝ խլելով 6 անձերու կեանքը եւ պատճառ դառնալով տասնեակ անզէն քաղաքացիներու վիրաւորման:
Pettel-1

petel-6

pettel-4

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment