Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խուճապի Յանկերգներէն Զատ, Ինչի՞ Կարիքն Ունի Հայաստանը

Խուճապի Յանկերգներէն Զատ, Ինչի՞ Կարիքն Ունի Հայաստանը

by MassisPost

Սագօ Արեան

Վերջին օրերուն Երեւանի իշխանական նեղ շրջանակներուն մէջ կը քննարկուի  յառաջիկայ  Հոկտեմբերին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի «տուն  երթալու»  հաւանականութիւնները: Աւելին քաղաքական զարգացումներուն  հետեւողներէն  շատեր տարբեր առիթներով կը խօսին կազմուելիք կառավարութեան   մէջ կարգ մը  «ազդեցիկ» դէմքերու յայտնութեան  կամ ըսենք, անցնող   տարիներուն «նուիրականացած» կարգ մը նախարարներու   իրենց պաշտօնէն  հեռանալու մասին:

Այս բոլորին դիմաց  մինչ երկրի քաղաքական կեանքը «հանդարտօրէն» արթննալու նշաններ ցոյց կու տայ,  ՀՀ նախագահը «հանգիստ խղճով» իր արձակուրդը կը շարունակէ:

Ընդդիմադրիր շրջանակներուն համար «բարդ» եւ  անցումային համարուած  այս փուլին, նախագահին  երկրէն այսքան երկար բացակայելու փաստը, նաեւ կը յուշէ, որ  իշխանութեան  «գործերը  լաւ են»:

Հակառակ տարբեր հարթակներէ  հնչող քննադատութիւններուն,  Հայաստանի գործընկեր  եղող երկիրները   իրենց ուղղած սլաքներով  ցարդ չեն հատած ընդունելի «կարմիր գիծ»ի սահմանները:

Այսինքն կատարուած գնահատականները  եւ յատկապէս Սարի Թաղի  ու  Խորենացի   փողոցներուն    վրայ  կատարուած դէպքերուն առթիւ եղած դատապարտումները, չանցան զգուշացումի  «համաձայնեցուած»     ընդհանուր  պարունակը: Համաձայնեցուած կ’ըսեմ, որովհետեւ արեւմուտքին  համար   Հայաստան , ինչպէս երէկ այսօր ալ կը շարունակէ  մնալ  Ռուսական  «ընդհանուր  աւազան»ին  մէկ   հատուածը:

Վերադառնալով Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին, յառաջիկայ սպասելի    փուլը «Տեղական  ինքնակառավարման մարմիններ» (ՏԻՄ) ընտրութիւններն են, որոնց   աւարտին տեղի պիտի ունենայ   ուժերու   վերադասաւորում եւ հոն է ,որ պիտի ճշդուին  այն ուժերը, որոնք   բաւարար  քաղաքական կամք   պիտի  դրսեւորեն մտնելու 2017 թուականին  տեղի ունենալիք    խորհրդարանական ընտրութեանց   ընդհանուր «մարտադաշտ»:

Այս բոլորէն բացի   յստակ է նաեւ, որ նախագահ Սարգսեանի  Մոսկուա   կատարած  վերջին այցին ընդհանուր արդիւնքները տակաւին հրապարակ չեն    հանուած: Մէկ կողմէ ռուսական իշխանaկան  մամուլին    «մեծ լռութիւն»ը եւ միւս կողմէ  իշխանական շրջանակներուն այս   թեմային մասին ընդհանրապէս  չարտայայտուիլը, զգացնել  կու տան, որ յառաջիկայ    հանգրուանին    Արցախի   վերաբերեալ   նոր զարգացումներ կրնան  պատահիլ: Խնդիրը  միայն  այս «խորհրդաւոր»  լռութեամբ պայմանաւորուած  չէ,  այլ կայ նաեւ արցախեան սահմանին անցեալ շրջանին  համեմատած    առկայ  ընդհանուր «հանդարտ» վիճակը, որ  ետպատերազմեան լռութեան մը  բոլոր տուեալները ունի:

Նոյն թեմայի առումով ընդդիմադիր մէկէ աւելի գործիչներ (մանաւանդ «Նախախորհրդարան»ի    պատասխանատու անձինք  եւ  անոնց մօտիկ համարուող  անձնաւորութիւններ)  առիթ չեն փախցներ   (նոյնիսկ Վարդաշէնի բանտէն)   զգուշացնելու,  որ   յանկարծ « յառաջիկայ օրերուն Սերժ  Սարգսեան  ժողովուրդին պիտի  ըսէ, թէ  Ղարաբաղի հարցով կամ զիջումներու կ’երթանք, կամ   ալ սկիզբ կ’առնէ վտանգաւոր պատերազմ մը»:

Ցարդ  խօսուած եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար  Սէրկէյ Լավրովին վերագրուած  նոր համաձայնութիւններու  թուղթը     մէջտեղ  չկայ: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ Մոսկուայի հովանաւորութեամբ  ընթացող  բանակցութիւններու այս փուլը,  եթէ  Լավրովի առաջարկած   հինգ կամ եօթ շրջաններու  Ազրպէյճանին յանձնուիլն է Հայաստանի ու Արցախի համար  այդ մէկը  ինքնասպանութիւն   ըլլալու    բոլոր  պայմանները կը լրացնէ: Կը բաւէ հասկնալ Ազրպէյճանի ռազմատենչ եւ հայաջինջ  պոռչտուքներուն խորքային իմաստը ընկալելու համար, որ   շրջաններու յանձնումով եւ ատոր փոխարէն  Ազրպէյճանի կողմէ Ղարաբաղի անկախ հանրապետութիւն ըլլալու փաստին ընդունումով արցախեան  հիմնահարցը չի լուծուիր:

Պաքու մէկ գիշերուան մէջ կրնայ այրել սեղանի վրայ դրուած բոլոր փաստաթուղթերը եւ անցնիլ իր թշնամական ծրագրի գործադրութեան:

Այս բոլորը   կան: Այս բոլորին  մասին տեղեակ է Սերժ Սարգսեան,  որ այսօր աւելի քան, որեւէ ժամանակ կը   կը բոլորէ իր իշխանութեան    ամէնէն  ծանր եւ պատասխանատու փուլը:

Զիջի՞լ Մոսկուայի առջեւ, փոխարէնը  ներքին անիշխանական բարդ եւ վտանգաւոր դրութեան   մը տեղ տալով, կամ մերժել բոլոր  առաջարկները  ու   Հայաստանով ու սփիւռքով մէկ զինուորագրուիլ «մահ ու կենաց» պատերազմին:

Ամէն պարագայի այս բոլորէն  զատ կայ   երրորդ ընտրանք  մըն ալ, որ    ժամանակ շահելու ընտրանքն է, բան մը  որ սիրելի  մօտեցում է  Հայաստանի  առաջին դէմքին համար:

Ամէն  պարագայի յառաջիկայ փուլը   կարեւոր փուլ է  Հայաստանի համար: Հոն է, որ    վճռորոշ կերպով յստակ պիտի դառնան   արցախեան  հիմնախնդրին լուծման  հաւանականութիւնները  կամ  տագնապին սրումն ու  դէպի անցանկալի պատերազմի մը երթալու ծանր ընտրանքը:

Այս  բոլորով մէկտեղ, արդեօք պիտի կարողանա՞յ  այսօրուան  կոտրուած թեւեր    ունեցող    եւ բաւական   անորոշ  մօտեցումներու  մէջ եղող  ընդդիմութիւնը (որ, նաեւ միասնական կեցուածք մը ունենալու  կամք ալ չունի)  թելադրական խօսք մը   ըսել Հայաստանի իշխանութիւններուն:

Հարցումը  կարեւոր է,   որովհետեւ միայն կամք  ունեցող ընդդիմադիր  ճակատ մը կրնայ ստիպել ցանկացած  իշխանութեան   կարեւոր, անյետաձգելի եւ անհրաժեշտ ռէֆորմներու երթալ:

Բացի  մի քանի միաւորումներէ, ընդդիմութեան  մեծ մասսան տարուած է արցախեան թեման շահարկելով, մոռնալով նաեւ, որ այդ ճակատին վրայ   Սերժ Սարգսեանի  կողմէ  ցանկացած  պարտուողական  քայլ  կրնայ ոտքի  հանել,  ոչ միայն  Հայաստանը, այլ ամբողջ հայութիւնը, իր սփիւռքով մէկտեղ: Ու մինչ այդ  փոխանակ   ամուր   պահանջներով բացայայտ բարեփոխումներ պահանջելը, նոյն ընդդիմութիւնը կլոր շրջանակի մը  մէջ իյնալով կը կրկնէ  ու կը կրկնէ հող յանձնել- չյանձնելու  մասին  յանկերգը,  որն արդէն  վերածուած է   բաւական   անգործնական  խօսքերու  ընդհանուր յանկերգի մը:

Այս ընդհանուր պատկերին  դիմաց է նաեւ, որ  ընդդիմութիւնը  պէտք է գիտակցի, որ  25  տարեկան  դարձող Հայաստանի  հանրապետութեան  համար  հարկաւորը  իրական, անկեղծ եւ ճշմարիտ ռէֆորմներն են,  եւ  ոչ  թէ    խուճապի երգերն  ու անոնց յանկերգ ները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment