Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գալուստ Սահակեան Ահաբեկչութիւն կը Համարէ «Սասնայ Ծռեր»-ու Գործողութիւնները

Գալուստ Սահակեան Ահաբեկչութիւն կը Համարէ «Սասնայ Ծռեր»-ու Գործողութիւնները

by MassisPost

Ազգային ժողովի խօսնակ Գալուստ Սահակեան «Սասնայ ծռեր»ու գործողութիւնները ահաբեկչութիւն կ’որակէ: Այդ մասին խորհրդարանի խօսնակը ըսաւ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ՝ հիւրընկալուելով «Բազէ» երիտասարդական ճամբարէն ներս:«Եթէ մարդը զէնք կը վերցնէ եւ իր հայրենակիցը կը սպանէ, այդ մէկը ահաբեկչութիւն է», – յայտարարեց Սահակեանը:

Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ բանակցային գործընթացին մասին Գալուստ Սահակեան վտանգներ չի տեսներ, կը բացառէ նաեւ լուծման «փուլային տարբերակը», որ ըստ լրատուամիջոցներու՝ աշխուժօրէն առաջ կը տանի ռուսական կողմը: «Բոլորը այդ մասին կը խօսին, բայց ոչ մենք այդ մասին կը խօսինք, ոչ ալ Ազրպէյճանը:Նախ եւ առաջ ըսեմ՝ Ղարաբաղը երբեք Ազրպէյճանի կազմին մաս չի կրնար կազմել: Երբ Ազրպէյճանը կը հասնի անոր, որ Ղարաբաղը ընդունի որպէս պետութիւն, այդ ժամանակ ձեր ըսած խնդիրները առաջ կու գան: Իսկ այդ ըսած խնդիրները ոչ թէ իշխանաւորները կորոշեն, այլ ժողովուրդը», – յայտարարեց ԱԺ նախագահը:

«Ազատութեան» դիտարկման, թէ խօսակցութիւններ կան այն մասին, որ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը առաջ քաշած է լուծման փուլային տարբերակ, Սահակեան արձագանգեց․ – «Որեւէ տարբերակներ չկան այս պահուն, եւ այնպիսի պահ է, որ չէր ալ կրնար ըլլալ»:

Արդեօ՞ք ապրիլեան պատերազմէն ետք շռայլութիւն չէ՝ «Բազէ» ճամբար կազմակերպելը, երբ կարիք կայ գումարները բանակին յատկացնելու: Այս հարցին խորհրդարանի խօսնակը այսպէս պատասխանեց․ – «Ազգը պահելու համար պիտի ըլլայ «Բազէ» եւ պիտի ըլլան շատ այսպիսի երիտասարդական միջոցառումներ: Այսպիսի հաւաքները կը համախմբեն եւ կը համալրեն երիտասարդութեան»:

Անդրադառնալով ընտրական օրէնսգիրքին՝ Սահակեանը կարծիք յայտնեց, որ մատնահետքերով վերահսկողութեան մեխանիզմները դժուար թէ կեանքի կոչուին, քանի որ սարքաւորումներու համար նախատեսուած գումարը միայն յունուարին կը տրամադրուի: Բացի այդ՝ արդէն ընդունուած Ընտրական օրէնսգիրքը վերահսկողութեան բաւարար հնարաւորութիւն կը ստեղծէ: «Գումարը փաստաթուղթով չկայ, բայց խոստումներ կան: Այդ խոստումներով կ’ըսուին՝ գումարը կ’ըլլայ, բայց մենք գումարը կրնանք տրամադրել յունուար ամսուն: Յունուար ամսուն եթէ տրամադրուի, բնականաբար այդ սարքերով ընտրութիւններ չենք կրնար իրականացնել», – նշեց ան:

«Ազատութեան» դիտարկման, թէ ստորագրուած ընտրացուցակներու հրապարակումը կարծես թէ ժամանակ եւ գումար չի հրապարակեր, Գալուստ Սահակեան արձագանգեց․ – «Ատոր ես ամենադէմ անձնաւորութիւններէն մէկն եմ: Այսօր այդ կը քննարկուի այն պատճառով, որովհետեւ այն մասը չէ ստացուած, ինչ-որ նոր մաս մը կ’ուզեն աւելցնել: Ըսեմ ինչու ես դէմ եմ․ եթէ ցուցակները բացայայտ կը հրապարակուին, մէկ անձնաւորութիւն, մէկ քաղաքական խումբ հարիւր հազար մարդու անունով դիմումներ կը գրէ, որ իրենք ընտրութիւններուն չեն մասնակցած: Ատկէ ետք քանի՞ տարի պէտք է, որպէսզի այդ ընտրութիւնները անցնին: Բայց նաեւ ըսեմ՝ ինչպիսի մէքանիզմ ալ այսօր Հայաստանի մէջ դնեն, միեւնոյնն է՝ այն պարտուող կողմը նոյնը պիտի կրկնէ, որ խաբեցին, կաշառեցին, խախտեցին ընտրական օրէնսգիրքերը: Կ’ուզեմ ըսել, որ այսպէս թէ այնպէս նոյն բանը պիտի ըլլայ»:

Հարցին, թէ ո՞ւր կը պատկերացնէ իրեն գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք՝ Գալուստ Սահակեան կատակով պատասխանեց․ – «Այստեղ՝ նորէն նստած բազէներու մօտ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment