Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վերաքննիչ Դատարանը Մերժեց Անդրէաս Ղուկասեանը Ազատել Կալանաւորումէ

Վերաքննիչ Դատարանը Մերժեց Անդրէաս Ղուկասեանը Ազատել Կալանաւորումէ

by MassisPost

Վերաքննիչ դատարանը այսօր մերժեց «Նոր Հայաստան» շարժման անդամ՝ Անդրէաս Ղուկասեանի խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու միջնորդութիւնը։

Անոր պաշտպան՝ Լուսինէ Սահակեան, «Ազատութեան» փոխանցեց, որ Ղուկասեան առնուազն մէկ ամիս եւս կը մնայ կալանաւորուած վիճակի մէջ։

«Ակնյայտ է, որ քաղաքական հետապնդում է իրականացւում Անդրէաս Ղուկասեանի նկատմամբ, որովհետեւ չնայած դռնփակ դատական նիստ է, բայց ես ինձ իրաւունք եմ վերապահում այդ նիստից առնուազն մէկ փաստ ներկայացնել՝ դատարանը» յատուկ կերպով ուղղեց Անդրէաս Ղուկասեանին, որ եթէ ան ազատ արձակուի արդեօ՞ք պիտի շարունակէ իր ընդդիմադիր գործունէութիւնը, եւ Ղուկասեանն պատասխանեց, որ «իր գործունէութիւնը շարունակելու է եւ որեւէ փոփոխութիւն իր գործունէութեան մէջ չի լինելու եւ նաեւ իր ընդդիմադիր կեցուածքում որեւէ փոփոխութիւն չի լինելու»։ «Ակնյայտ է, որ սա շատ էական նշանակութիւն ունեցաւ եւ դատաւորը նոյնիսկ չհասկացաւ, որ պէտք է քօղարկուած որոշում կայացնի եւ այդքան ակնյայտ ցոյց չտայ, որ քաղաքական հետապնդում է իրականացւում Ղուկասեանի նկատմամբ», – ըսաւ Սահակեան՝ նշելով, որ դատարանն իր գործողութիւններով հիմնաւորեց, որ Ղուկասեանը «քաղբանտարկեալ» է։

Անդրէաս Ղուկասեան  ձերբակալուած, ապա կալանաւորուած է 29 Յուլիսի գիշերը, Սարի թաղին մէջ  տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն ետք, երբ ոստիկանութիւնը յատուկ միջոցներու կիրառմամբ ցրուեց «Սասնայ ծռեր»-ու աջակիցներու երթը։ «Ոտքի՛, Հայաստան» շարժման անդամը կը մեղադրուի զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելուն համար։

Նոյն գործին կը լծուին  նաեւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան փոխնախագահ՝ Արմէն Մարտիրոսեանն ու կուսակցութեան խօսնակ՝ Դաւիթ Սանասարեանը։ Սակայն դատարանը օրեր առաջ զանոնք պաշտպանելու միջնորդութիւններ ապահովեց ու գրաւի դիմաց ՝ Մարտիրոսեանն ու Սանասարեանը ազատեց կալանաւորումէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment