Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ընդունուեցաւ Համաներում Յայտարարելու Որոշումը

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ընդունուեցաւ Համաներում Յայտարարելու Որոշումը

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովը այսօր հրաւիրած արտահերթ նստաշրջանին  ընդունած է համաներում յայտարարելու մասին որոշումը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ համաներում յայտարարելու առաջարկը, յիշեցնենք, ներկայացուցած էր նախագահ Բակօ Սահակեանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի մամլոյ ծառայութիւնը, նիստին ներկայ բոլոր 28 պատգամաւորները կողմ են քուէարկել որոշման, որ ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման պահուն:

Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի խօսնակ Աշոտ Ղուլեանը նշած է, որ հանրապետութեան յիշարժան յոբելեաններուն սովորաբար կը յայտարարուի  համաներում, ու սոյն համաներման օրէնքը  թիւ 6-րդն է եւ 4-ը՝ Հանրապետութեան հռչակման տօնի կապակցութեամբ:

«25-րդ տարեդարձը մեր անցած ճանապարհի լաւագոյն ամփոփումն է: Մենք բազմաթիւ դժուարութիւններ ու զրկանքներ կրած ենք այս մեծ ճանապարհին եւ բազում զոհողութիւններու գնով հասած՝ ներկայ իրողութիւններուն: Այս ամէնու գլխաւոր հերոսը Արցախի քաղաքացին է»,- յայտարարած է Ղուլեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment