Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Թրանսփարընսի Ինթըրնեշընըլ»․ Հայաստանի Մէջ Իշխանութիւնը Կ՛օգտագործուի Հարստանալու Համար

«Թրանսփարընսի Ինթըրնեշընըլ»․ Հայաստանի Մէջ Իշխանութիւնը Կ՛օգտագործուի Հարստանալու Համար

by MassisPost

Արձագանքելով Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանի՝ երէկ կառավարութեան նիստին ունեցած ելոյթին՝ «Թրանսփարընսի Ինթըրնեշընըլ» հակափտածութեան կեդրոնի ղեկավար Վարուժան Հոկտանեան այսօր յայտնեց, որ հակառակ Հայաստանի մէջ իշխանութիւններուն կողմէ շարունակ յայտարարուող հակափտածութեան պայքարին, նախորդ մէկուկէս տասնամեակի ընթացքին այդ ուղղութեամբ ոչ միայն որեւէ առաջընթաց կայ, այլ իշխանութիւնը կ՛օգտագործուի հարստանալու համար:

«Ես վստահ եմ, որ Յատուկ քննչական ծառայութիւնում ինթերնեթ կայ, եւ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը ծանօթ է նաեւ Բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց էթիքայի յանձնաժողովի սայթին: Որովհետեւ կան բաներ, որտեղ արդէն պէտք է խառնուեն իրաւապահ մարմինները: Այսինքն, երբ որ դու տեսում ես, ասենք, տարօրինակ նուիրատուութիւններ այդ յայտարարագրերում եւ այլն, կարելի է փորձել հետեւել, եւ նոյն այդ քննչական մարմինները փորձեն հասկանալ, եթէ ունեն քաղաքական կամք, ու եթէ անձերը նշանակութիւն չունեն, այսինքն օրէնքն է գերիշխում, եւ ոչ թէ այն, որ դա նախագահ է, նախարար է եւ այլն, փորձեն հասկանալ եւ պարզել, թէ որտեղից այդ գումարները»:

Հանրութեան անյայտ անձերու կողմէն Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կատարուող բազմամիլիոն նուիրատուութիւնները վաղուց նորութիւն չեն: Թերեւս ամենատպաւորիչ օրինակներէն մէկը Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Յովհաննէս Յովսէփեանինն է, որ 2008 թուականէն սկսեալ Հանրապետութեան նախագահի վերահսկողական ծառայութեան ղեկավարն էր, եւ այս տարի Մարտին նշանակուեցած իր ներկայիս պաշտօնին:

Ըստ Բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու էթիքայի (բարոյագիտութեան) յանձնաժողով ներկայացրած յայտարարագիրի, նախորդ հինգ տարիներուն Յովսէփեան ստացած է աւելի քան 3 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն ու երբեւէ չէ ներկայացուցած իր տիկնոջ ունեցուածքին մասին յայտարարագիր: Լրատուամիջոցներու հրապարակումներէն ետք միայն պաշտօնեան յայտարարեց, որ նման շռայլ նուիրատուութիւններ կատարողը Մոսկոիայի մէջ բնակուող իր եղբայրն է՝ հրաժարելով, սակայն, նշած, թէ եղբայրն ինչպէս վաստակած է միլիոնները:

Իր երեկուան ունեցած ելոյթին Արդարադատութեան նախարարը ընդգծեց, որ յետ այսու պետական գնումներուն մասնակցող ընկերութիւնները պէտք է բացայայտեն իրենց իրական սեփականատէրերը – «Պետական գնումների գործընթացին մասնակցել ցանկացող որեւէ կազմակերպութիւն մասնակցելու ժամանակ պիտի ներկայացնի իր իրական սեփականատէրերին: Խօսքը վերաբերում է ֆիզիկական անձ հանդիսացող իրական սեփականատէրերին»:

Լրատուամիջոցներուն մէջ բազմաթիւ են հրապարակումները, ըստ որոնց բարձրաստիճան պաշտօնեաները իրենց իսկ գլխաւորած պետական գերատեսչութիւններուն կողմէ տրամադրուող գնումները կը կատարեն իրենց ազգականներուն, նոյնիսկ ընտանիքի անդամին պատկանող ընկերութիւններէն:

2015 թուականի Մայիսին «Սիվիլնեթի» հրապարակումէն յայտնի դարձաւ, որ Ֆինանսներու նախարարութիւնը 2014-ին շուրջ 9 միլիոն տոլարի պայմանագիր կնքած է Ֆինանսներու նախարար Գագիկ Խաչատրեանի հօրեղբօր որդիին՝ Հայկ Խաչատրեանին պատկանող ընկերութեան հետ:

Օրերս, «Հետք» պարբերականը հանդէս եկաւ աղմկայարոյց հրապարակմամբ, ըստ որուն Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան Պետական պահպանութեան ծառայութիւնը միլիոնաւոր դրամներու գնումներ կատարած է նոյն այդ ծառայութեան պետ Հրաչեայ Յարութիւնեանի որդիին՝ Վազգէն Յարութիւնեանին պատկանող ընկերութիւններէն:

Մինչդեռ այդքան  շատ ժամանակ չէ անցած այն օրուընէ, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որուն անվտանգութեան ապահովմամբ, ի դէպ, կը զբաղուի նոյն Հրաչեայ Յարութիւնեանը, յայտարարեց, որ «գործարարութիւնը պէտք է հետեւողականօրէն տարանջատուի պետական համակարգից եւ իշխանութիւնից»:

Վերոյիշեալ պետական գնումները եւ նախագահ Սարգսեանին այս յայտարարութիւնը այսօր յիշեցուցինք Վարուժան Հոկտանեանին եւ խնդրեցինք արձագանքել: «Խօսքը գործ չի դառնում», – յայտնեց Հոկտանեան՝ շարունակելով․ – «Հայաստանում հաստատուել է օլիգարխիկ համակարգ, եւ մեր երկրում գործ ունենք քոռուփցիայի ամենատհաճ տեսակներից մէկի հետ, որը կոչւում է պետութեան զաւթում: Մենք տեսնում ենք իսկապէս ոչ մի փոփոխութիւն՝ 2003-ին, երբ որ կոռուպցիայի ընկալման համաթիւը հրապարակուեց, ու մինչեւ այսօր: Եղել են փոքր տատանումներ, բայց այն, ինչ Վրաստանում մենք տեսանք՝ որակական եւ քանակական կտրուկ փոփոխութիւններ, դա մենք չենք տեսնում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment