Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Թոմաս Տի Վաալ. Հայաստան Կ’ապրի Ամենալուրջ Քաղաքական Ճգնաժամը Վերջին Ութ Տարուան Ընթացքին

Թոմաս Տի Վաալ. Հայաստան Կ’ապրի Ամենալուրջ Քաղաքական Ճգնաժամը Վերջին Ութ Տարուան Ընթացքին

by MassisPost

«Հայաստանի ներկայիս քաղաքական ճգնաժամը, ըստ էութեան, ղարաբաղեան պատերազմին  յաղթած երկու խումբերու  հակամարտութիւնն է», – գրած է բրիտանացի յայտնի փորձագէտ Թոմաս Տի  Վաալը՝ «Յաղթանակի ծանր ժառանգութիւն»-ը վերնագիրի ներքոյ՝ նշելով, որ Հայաստան  կ’ապրի ամենալուրջ քաղաքական ճգնաժամը վերջին ութ տարուան ընթացքին։

Յիշեցնենք, ութ տարի առաջ՝ 1 Մարտ, 2008-ի  դեպքերն էին։

Այս տարուան Յուլիսեան ճգնաժամի մասին, երբ «Սասնայ ծռեր» կոչուող խումբի զինուած ծայրահեղականները Երեւանի մէջ  գրաւեցին ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը, Թոմաս Տի  Վաալ կը գրէ, որ շատերու  համար զարմանալի էր հազարաւոր մարդոց աջակցութիւնը զինեալներուն։ Ան  ճգնաժամի պատճառներէն կը համարէ նաեւ «իշխանութիւններու անընդունակութիւնը քաղաքացիներու վստահութիւնը նուաճելու հարցին մէջ»։

«Իշխանութիւնները  չեն յաջողիր լուծել երկրին հիմնական խնդիրները՝ անգործութիւնը, ապականումը, արտագաղթը, պաշտօնեաներու անպատիժ մնալը», – գրած է փորձագէտը։

Անոր բնորոշումով, «Սասնայ ծռեր»-ը արմատական են եւ  ծայրահեղականներ են, որոնք անկեղծօրէն  կը ձգտին ընկերային արդարութեան, սակայն անոնք խիստ ազգայնական են եւ դէմ են  Ազրպէյճանի եւ  Թուրքիոյ  ցանկութեան յատկապէս՝ Ղարաբաղի շուրջ տարածքներու վերադարձին գծով ։

«Ղարաբաղի պատերազմի վեթերաններ կան նաեւ իշխանութեան մէջ,  անոնք կը կազմեն  Սերժ Սարգսեանի վարչակազմին հիմնական կորիզը, անոնցմէ շատեր, ներառեալ ծագումով ղարաբաղցի Սերժ Սարգսեան, իշխանութեան գլուխ անցան յաղթանակի ալիքին վրայ եւ պատրաստ են իրենց դիրքորոշումները պաշտպանել ամէն գնով», – գրած է վերլուծաբանը։

Փորձագէտին  խօսքով՝ ղարաբաղեան պատերազմին յաղթանակը Հայաստանի մէջ զօրացուց  համազգեստով մարդոց դիրքերը։ «Անոնք նախ իշխանութիւնը վերցուցին Ղարաբաղի մէջ, ապա Հայաստանի մէջ 1998-ին ղարաբաղցիներու ծայրայեղական խմբաւորումները եւ պատերազմի վեթերանները յեղաշրջում  մը կազմակերպեցին՝ պաշտօնէն  հեռացնելով երկրի նախագահ՝ Լեւոն Տեր-Պետրոսեանը։ Քոչարեանը դարձաւ նախագահ, իսկ Սարգսեան՝ անոր սերտ զինակիցը։ Այս խմբաւորումը մինչեւ հիմա իշխանութեան է՝ հենելով լաւ, զինուած անվտանգութեան ուժերուն վրայ։ Անոնք կը ճնշեն իրենց իշխանութեան սպառնացող բոլոր փորձերը։ Իսկ սահմանադրական վերջին փոփոխութիւններու շնորհիւ Սարգսեան եւ անոր կողմնակիցները, ամէն բանէ դատելով , կրնան դեռ երկար տարիներ մնալ իշխանութեան գլուխը», – գրած է Թոմաս Տի  Վաալ՝ շարունակելով. – «Հիմնական խնդիրը  այստեղ այն է, որ Հայաստանի մէջ, եթէ անգամ Սարգսեանի իշխանութիւնը ոչ իբրեւ օրինական  կ’ընկալուի, անոր որեւէ այլ ընտրանք դեռ եւս չի նշմարուիր»։

Փորձագէտին  բնորոշումով, Ղարաբաղի չլուծուած հակամարտութիւնը նախկինին պէս ծանր բեռի պէս կը ճնշէ Հայաստանի վրայ։ «Իսկ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, Սարգսեան եւ իր խումբը հասկցած են, որ իրենց անհրաժեշտ է գոնէ ձեւացնել, թէ Հայաստան պատրաստ է խելամիտ զիջումներու՝ օկուպացված տարածքներու հարցին մէջ։ Հակառակ պարագային, մօտիկ ապագային, Հայաստանին պատերազմ կը սպառնայ Ազրպէյճանի հետ, որու իշխանութիւնները շատ կոշտ ձեւով  տրամադրուած են», – գրած է Թոմաս  Տի  Վաալ։

Նոյնիսկ եթէ յաջողի պատերազմէն խուսափիլ , ըստ փորձագէտին, ներկայիս իրավիճակի պահպանման պարագային, Հայաստան կրնայ երկար մնալ միջազգային մասնակի մեկուսացման տակ։

«Ճիշդ այդ պատճառով  Սարգսեան կը շարունակէ խաղաղ համաձայնութեան բանակցութիւնները, հակառակ անոր որ անիկա քիչ  կը տարբերի  այն տարբերակէն, որու պատճառով Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի դէմ յեղաշրջում մը իրականացաւ, եւ հաւանաբար այդ պատճառով է, որ վերջին ճգնաժամի ընթացքին Լեւոն Տէր-Պետրոսեան անուղղակի պաշտպանեց Սարգսեանը՝ կոչ ընելով կեդրոնանալ արտաքին սպառնալիքներու  եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վրայ», – գրած է Թոմաս Տի  Վաալ։

«Խաղաղութեան միակ ճամբան,  բարդ փոխզիջումն է, այդ թիւին մէջ՝ հայկական կողմի համաձայնութիւնը՝ ետ յանձնելու Ղարաբաղի շուրջ գրաւուած ատրպէյճանական տարածքները, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցին մէջ Ատրպէյճանի փոխզիջման դիմաց», – գրած է փորձագէտը։

Սակայն, ըստ Թոմաս Տի  Վաալի, ապրիլեան պատերազմի եւ Երեւանի յուլիսեան դէպքերու արդիւնքում նման համաձայնութիւնը կեանքի կոչելը շատ աւելի դժուարին է դարձել։

«Յուլիսի ճգնաժամը շատերու մօտ տպաւորութիւն ստեղծեց, թէ ժողովրդավարական քաղաքականութիւնը սպառած է զինք, եւ ուժային մեթոտներու կիրառումը լիովին ընդունելի է։ Այս ճգնաժամը եւս մէկ անգամ ցոյց տուաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները շատ քիչ ժողովրդականութիւն ունին, իսկ կազմակերպուած, համակարգուած ընդդիմութիւն երկրի մէջ կը բացակայի։ Այս ամէնը նոր փայտ մը խրեց առանց այդ ալ խաղաղ գործընթացի անարդիւնաւէտ գործին մէջ։ Հայաստանը դժուար թէ կարողանայ ինքնուրոյն դուրս գալ այս փակ ուղիէն։ Ռուսաստանը՝  իրեն հիմնական դաշնակիցը, կը գերադասէ գործել պարտադրանքի մեթոտներով։ Ներքին անհանգստութիւնները եւ արտաքին անորոշութիւնը յաղթահարելու համար, Հայաստանին պէտք է միջազգային գործընկերներու եւ հայկական սփիւռքի իրապաշտական մասի աջակցութիւնը», – կը գրէ Թոմաս Տի  Վաալը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment