Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ս.Դ.Հ.Կ.-Ի Շնորհաւորական Այցը Վեր. Պերճ Ճամպազեանին

Ս.Դ.Հ.Կ.-Ի Շնորհաւորական Այցը Վեր. Պերճ Ճամպազեանին

by MassisPost

Հինգշաբթի, Օգոստոս 4-ին,  Սոցիալ Դեմեկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան  Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Կլենտէյլի Հայ Աւետարանական Համայնքի կեդրոնատեղին: Սոյն պաշտօնական այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանը` Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հովիւ (Առաջնորդ) ընտրուելուն առթիւ:

Հնչակեան պատուիրակութիւնը ջերմօրէն ընդունուեցաւ Վեր. Պերճ Ճամպազեանի եւ իր գլխաւոր  գործակիցներէն Վեր. Վաչէ Էքմէքճեանի եւ Պրն. Լեւոն Ֆիլեանի կողմէ:

Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ Մարմնի ատենապետ ընկ. Գրիգոր Խոտանեան  Կուսակցութեան  շնորհաւորութիւնները յայտնեց  Վեր. Պերճ Ճամպազեանին, յաջողութիւն մաղթելով իր ստանձնած նոր եւ պատասխանատու առաքելութեան`  ազգանուէր ու հոգեւոր ծառայութեանց մարզին մէջ:

Սոյն հանդիպման ընթացքին Պր. Լեւոն Ֆիլեան  շահեկան տեղեկութիւններ  տուաւ Հայ Աւետարանակ Եկեղեցիներու Միութեան Միջին Արեւելքի երկիրներուն եւ արտասահմանի հայ գաղութներու մէջ ծաւալուն գործունէութեան մասին: Առաւել հետաքրքրական էին իր տեղեկութիւնները Հայաստանի շատ մը շրջաններուն մէջ բացուած Հայ Աւետ. Միութեան կողմէ նոր եկեղեցիներու, դպրոցներու, ընկերային եւ մարդասիրական ծառայութիւններու, ինչպէս  նաեւ ամառնային կազդուրման կայաններու (ճամբար) մասին: Յատկանշական էր Երեւանի արուարձաններէն (Պէնկլատէշ) թաղամսին մէջ կառուցոած արդիական միջնակարգ վարժարան մասին տեղեկութիւները, ուր դպրոցականներուն կը ջամբուի ոչ միայն բարձր մակարդակի ուսում, այլեւ կարիքաւորներուն կը հայթայթուի սնունդ: Իսկ աշխատանքի մէջ եղող ծնողներու զաւակներուն կը տրուի արտահերթ հոգածութիւն մինչեւ երեկոյեան առաջին ժամերը:

Հանդիպման ընթացքին խորհրդակցութեանց նիւթ դարձան նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած իրավիճակն ու արտագաղթը, ինչպէս նաեւ  Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութեան, յատկապէս հալէպահայութեան վիճակուած դառն ճակատագիրը:

Իրերու  ներկայ դրութեան ներքեւ շեշտը դրուեցաւ հայութեան բոլոր հատուածներու միասնութեան, համատեղ ու ներդաշնակ համագործակցութեան վրայ, ի շահ Հայրենիքի եւ արտերկրի մեր ազգի կենսական ծրագիրնեու իրագործման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment