Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Stratfor – Փութինը Նպատակ Ունի, Որ Թուրքիան Չմիջամտէ ԼՂ Հարցով Ռուսաստանի Ծրագիրներուն

Stratfor – Փութինը Նպատակ Ունի, Որ Թուրքիան Չմիջամտէ ԼՂ Հարցով Ռուսաստանի Ծրագիրներուն

by MassisPost

Ամերիկեան Stratfor հետազօտական-վերլուծական կեդրոնը  այսօր ծաւալուն վերլուծութիւն հրապարակած է,  ուր անդրադարձ  կատարած է  վերջին շաբթուան աշխարհաքաղաքական կարեւոր իրադարձութիւններուն` Ռուսաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, ՌԴ նախագահի վարած քաղաքականութեան, ՕՊԵԿ-ին, Վենեզուելլայի մէջ , Չինաստանի, Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին, ՌԴ եւ Գերմանիոյ ԱԳՆ ղեկավարներու Եկատերինբուրգեան հանդիպման:

Կեդրոնի փորձագէտները կը նշեն, որ անցած շաբաթ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին  ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայէպ  Էրտողան  վերականգնեցին իրենց աշխարհաքաղաքական կապերը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:

Թուրքիան ժամանակը օգտակործեց եւ համապատասխան առաջարկով դիմեց Ռուսաստանին` համակարգելու ՏԱՀԷՇ-ի թիրախներուն հասցուող հարւածները: Կը նշուի, նաեւ  որ տնտեսական մասը համեմատաբար դիւրին լուծելի է, աւելի վիճահարոյց են Սուրիոյ առնչուող հարցերը:

Ըստ  նոյն   աղբիւրին Կը   Թուրքիա  օգտագործած է ՏԱՀԷՇ-ին կողմէ աճող սպառնալիքը` որպէս Ռուսաստանի հետ մերձեցման առանցքային գործօն եւ մղած  Ռուսաստանը  Սուրիոյ հարցով  երկխօսութեան (այնպէս, ինչպէս Ռուսաստանը կատարեց Միացեալ Նահանգներու հետ):

«Թուրքիան յոյսով է, որ  Ռուսաստանէն  կրնայ ստանալ  երաշխիքներ` չմիջամտելու Հիւսիսային Սուրիոյ գործողութիւններուն մէջ:  Եթէ Թուրքիան վերսկսի օդային հարուածները Սուրիոյ մէջ, ապա այդ ակնյայտ ապացոյց կը դառնայ, որ Փութինը յաջողութիւններու հասած է Էրտողանին հետ բանակցութիւններու ժամանակ շարք մը հարցերուն, մասնաւորապէս խօսքը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ռուսաստանի ծրագիրներուն չմիջամտելու մասին է, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովի տարածքին ՆԱԹՕ-ի հնարաւորութիւններուն սահմանափակումը եւ «Թրրքական հոսք» ուժային նախագիծի իրականացումը»,-   գրուած է վերլուծութեան մէջ:

Stratfor  կը կարծէ նաեւ, որ Ռուսաստանը կը շարունակէ օգտագործել իր ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ կ՛աջակցի քիւրտերուն` որպէս Թուրքիոյ նկատմամբ զսպող գործօն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment