Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Օգոստոս 15-ին հանդիպում ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովի անդամներուն հետ: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն, քննարկուած են սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Բակօ Սահակեան շեշտած է, որ սահմանադրական բարեփոխումներն ուղղուած են մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ընդլայնման ու ամրապնդման, դատական իշխանութեան եւ տեղական ինքնակառավարման համակարգերու կատարելագործման, անմիջական ժողովրդավարութեան հիմնարկի հետեւողական զարգացման:
Նախագահ Սահակեան նշած է, թէ կազմաւորումէն ի վեր յանձնաժողովը կատարած է ծաւալուն աշխատանք ու բազմակողմանի ուսումնասիրութիւններ, կազմակերպած է հանրային քննարկումներ, հաշուի առնելով սահմանադրական բարեփոխումներու իրականացումը՝ ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան, այնպէս եւս տարբեր զարգացած երկրներու փորձը, եւ որպէս արդիւնք, ներկայացուած է առաջարկ, որպէս հիմք ունենալով նախագահական կառավարման համակարգը:
«Հաշւի առնելով յանձնաժողովի տեսակէտը, քաղաքական ուժերի մեծամասնութեան դիրքորոշումը, մեր տեղեկացւած լինելը բնակչութեան մեծամասնութեան կարծիքին, որն արտայայտւել է նաեւ վերջերս անցկացւած սոցիալական հարցումների արդիւնքում՝ ես ընդունում եմ առաջարկւող տարբերակը ու հաւանութիւն եմ տալիս սահմանադրական բարեփոխումների հայեցակարգին եւ յանձնարարում եմ յանձնաժողովին` մշակել ու սահմանւած ժամկէտում ներկայացնել սահմանադրական բարեփոխումների նախագիծը»,- ընդգծած է երկրի ղեկավարը: