Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանն Ու Ազրպէյճանը «Զգալիօրէն Պիտի Ընդլայնեն» Զինուորական Համագործակցութիւնը

Ռուսաստանն Ու Ազրպէյճանը «Զգալիօրէն Պիտի Ընդլայնեն» Զինուորական Համագործակցութիւնը

by MassisPost

Ըստ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին, Ռուսաստանն ու Ազրպէյճանը կը նախատեսեն «զգալիօրէն ընդլայնել եւ յստակեցնել ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնը»:

Թէպէտեւ Ազրպէյճանը անդամ չէ ՀԱՊԿ-ին, յատկապէս վերջին շրջանին երկու երկրներու ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնը արագօրէն կը զարգանայ:

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն Պաքուէն, ուր անակնկալ այցով մեկնած էր երէկ, Երեւան կ՛այցելէ՝ մասնակցելու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկրներու Պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին:

Երէկ Պաքուի մէջ Շոյկուին ընդունած է Ազրպէյճանի նախագահը: Իլհամ Ալիեւ ընդգծած է, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ վերջերս կայացած այցի ժամանակ քննարկուած են նաեւ երկու երկիրներուն ռազմատեխնիկական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Ազրպէյճանի նախագահին խօսքով՝ ռուս-Ազրպէյճանական յարաբերութիւններու այսօրուան բարձր մակարդակը թոյլ կու տայ լուծել բազմաթիւ, անոր կարգին՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան հետ առնչուող հարցեր:

Իսկ այսօր Պաքուի մէջ կայացած են Սերկէյ  Շոյկուի ու Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի բանակցութիւնները:

Ըստ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ երէկ տարածած հաղորդագրութեան, Շոյկուն Ազրպէյճանի մայրաքաղաքի մէջ պիտի քննարկէ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան հարցեր եւ ղարաբաղեան խնդիրը: Մինչեւ այս պահը, սակայն, Ղարաբաղին վերաբերող հրապարակային որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարուած:

Ռուսաստանեան «Նովոսթի» լրատուական գործակալութիւնը կը փոխանցէ, որ Շոյկու եւ Հասանով արդէն քննարկած են նաեւ կասպեան տարածաշրջանի անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարը ազրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին պատմած է նաեւ Սուրիսյ մէջ գործող ռուսաստանեան ականազերծման կեդրոնի մասին՝ ազրպէյճանցիներուն հրաւիրելով մասնակցիլ անոր աշխատանքներին:

Նշենք նաեւ, որ այսօր Ռուսաստանը սկսած է՝ Կասպից ծովի տարածքին, զինավարժութիւններ կատարել:

Ռուս-ազրպէյճանական ռազմական համագործակցութեան մասին որոշ մանրամասներ այսօր յայտնուած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Անատոլի Անտոնովը՝ մասնաւորապէս փոխանցելով, թէ Մոսկուան «յառաջխաղացում կ՛ակնկալէ կասպեան տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան համակարգ ստեղծելու խնդիրին հետ կապուած»:

Այս տարածաշրջանը, յիշեցնենք, կ՛նդգրկէ Ազրպէյճանը, Թուրքմենիստանը, Իրանը, Ղազախստանը եւ Ռուսաստանը:

Անտոնովը նաեւ յայտարարած է, որ ռազմական հարցերու շուրջ ռուս-ազրպէյճանական երկխօսութիւնը կը շարունակուի աշնան Մոսկուայի մէջ կայանալիք ռուս-ազրպէյճանական միջկառավարական հերթական նիստի ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Ռուսաստանի իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ պատրաստ են սպառազինութեան մատակարարման նոր պայմանագիր կնքել Ազրպէյճանի հետ: Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը անցեալ շաբաթ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին յայտնած էր, թէ «Ազրպէյճանի պէս հարուստ երկիրը կարող է զէնք գնել որեւէ երկրէ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment