Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ոստիկանութիւնը «Սասնայ Ծռեր»ու Աջակիցներու Ցոյցերը Ցրելու Համար 74 Յատուկ Նռնակ Կիրառած է

Ոստիկանութիւնը «Սասնայ Ծռեր»ու Աջակիցներու Ցոյցերը Ցրելու Համար 74 Յատուկ Նռնակ Կիրառած է

by MassisPost

«Իրազեկ Քաղաքացիների Միավորում» կազմակերպութեան ղեկավարը կը պնդէ, որ ոստիկանները խախտած են յատուկ  միջոցներու կիրառման համար սահմանուած չափորոշիչները։

Պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբի աջակիցներուն ցոյցերը ցրելու նպատակով Յուլիս 20-ին՝ Խորենացի փողոցին եւ Յուլիս 29-ին՝ Սարի թաղին մէջ ոստիկանութիւնը 74 յատուկ  նռնակ կիրառած են։ «Իրազեկ Քաղաքացիների Միավորում» կազմակերպութիւնը կը պնդէ, որ կիրառուած յատուկ  միջոցները կրնային բեկորային վնասուածքներ յառաջացնել։

Ոստիկանութիւնը «Իրազեկ Քաղաքացիների Միավորում»ին յայտած է, որ նշուած օրերուն բողոքի շարժումները ցրելու ընթացքին կիրառած է «Զարիա 3», «Ֆակել Ս», «Տրոֆա», «Փլամիա Մ» տեսակներու նռնակներ, ինչպէս նաեւ «Սվիրել» տեսակի 19 հատ լուսաձայնային արկ։

armeniapp-photo-08Ուսումնասիրելով ոստիկանութեան այս տեղեկատուութիւնը եւ առողջապահութեան նախարարին՝ յատուկ  միջոցներու կիրառման մասին հրամանը՝ «Իրազեկ Քաղաքացիների Միավորում»ի ղեկավար Դանիէլ Իոաննիսեան կ՛եզրակացնէ, որ ոստիկանութիւնը խախտած է նախարարին հրամանը՝ չպահպանելով սահմանուած չափորոշիչները։

«Խախտւել են անգամ այն նորմերը, որոնց կարող էին ոստիկանները հետեւել։ Օրինակ, որ այս նռնակը պէտք է պայթի մարդուց առնւազն 2,5 մեթր հեռաւորութեան վրայ, երբ մենք տեսնում էինք, որ շատ աւելի մօտիկ հեռաւորութիւնների վրայ էր պայթում», – «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին մեկնաբանեց Իոաննիսեան։

«Սասնայ ծռեր» զինուած խմբաւորման կողմէ ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւելէ ետք մեկնարկած բողոքի շարժման 4-ը օրը՝ Յուլիս 20-ին, ոստիկաններու հետ բախման հետեւանքով հիւանդանոց տեղափոխուեցաւ 50 մարդ, որոնք, բժիշկներու գնահատմամբ, ստացած էին միջին եւ թեթեւ վնասուածքներ։ Յուլիս 29-ի բախման հետեւանքով բուժհարաններ տեղափոխուեցան ավելի քան 60 մարդ։

«Իրազեկ Քաղաքացիների Միավորում» կազմակերպութեան ղեկավար Իոաննիսեան կը պնդէ, որ թէ՛ Յուլիսի 20-ին, եւ թէ՛ 29-ին ոստիկանութեան կողմէ յատուկ  միջոցներու կիրառումը անօրինական էր։

«Նախ պէտք է արձանագրենք, որ ոստիկանութիւնը որեւէ միջոց չի ձեռնարկել, որպէսզի փորձի հաւաքից մեկուսացնել ագրեսիւ ցուցարարներին կամ սադրիչներին։ Ոստիկանութիւնն էլ գրութեամբ հաստատում է, որ իրենք չեն փորձել դա անել։ Իրենք միանգամից դիմել են յատուկ  միջոցների, ընդ որում՝ յատուկ  միջոցներ կիրառելիս իրենք գործողութիւններ չեն կատարել, որպէսզի պաշտպանեն ցոյցի խաղաղ մասնակիցներին», – նշեց Իոաննիսեան։

Ոստիկանութիւնը դեռչի չի պարզաբաներ, թէ ի՛նչ յատուկ  միջոցներ կիրառած է Յուլիս 29-ին Սարի թաղին մէջ։ Այդ օրը, յիշեցնենք, ոստիկանութեան հետ բախումներու հետեւանքով բուժհարաններ տեղափոխուեցան աւելի քան վեց տասնեակ քաղաքացիներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment