Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բակօ Սահակեան. Ողջամիտ, Իրաւացի Եւ Համարժէք Փոխզիջումները Անհրաժեշտ Են

Բակօ Սահակեան. Ողջամիտ, Իրաւացի Եւ Համարժէք Փոխզիջումները Անհրաժեշտ Են

by MassisPost

«Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծմանն ուղղուած բանակցութիւններու համար նոր փուլ կը բացուի, եթէ Ազրպէյճանը յարգի 1994 թուականի հրադադարի համաձայնագիրը, Լեռնային Ղարաբաղը նորից միանայ բանակցութիւններուն եւ յաղթահարւեն հոգեբանական արգելքները, որոնք գալիս են Ազրպէյճանի վրեժխնդիր քաղաքականութիւնից», – «Ազատութիւն»  ռատիոկայանի փոխանցմամբ, այդ մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան Ֆրանսայի խորհրդարանի ելեկտրոնային թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։

«Ազրպէյճանը պէտք է կարողանայ հրաժարւել ղարաբաղցիների եւ հայերի հանդէպ իր ազգատեաց քաղաքականութիւնից, իր անհեռանկար արկածախնդրութիւնից եւ յանձն առնի յարգելու միւս ժողովուրդների հիմնական ազատութիւններն ու իրաւունքները», – յայտնած է Սահակեան։

Ղարաբաղի նախագահը ապրիլեան քառօրեյա պատերազմը որակած է հայերու հանդէպ Ազրպէյճանի «հայատեաց գաղափարախօսութեան եւ իշխանութիւնների բռնապետութեան արդիւնք»։

Պատասխանելով փոխզիջումներու մասին հարցին, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահն յայտնած է, որ որեւէ հակամարտութեան լուծում, յատկապէս երբ այդ այնքան բարդ է, որքան Լեռնային Ղարաբաղինը, կարող է իրականացնել միայն փոխզիջումներու միջոցով։

«Ողջամիտ, իրաւացի եւ համարժէք փոխզիջումներն անհրաժեշտ են», – աւելցուցած է ան՝ շարունակելով․ – «Մենք պատրաստ ենք անել փոխզիջումներ, եթէ դրանք չեն խաթարում մեր երկրի անվտանգութիւնը, եթէ դրանք չեն հանդիսանում պատեհ առիթներ մեր հակառակորդի համար՝ մեզ վրայ նոր յարձակումներ գործելու»։

Անդրադառնալով միջազգային հանրութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցին եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրած յաջողութիւններուն՝ Բակօ Սահակեան վստահութիւն յայտնած է, որ Ղարաբաղի ճանաչումը մօտ ապագային պիտի շարունակուի աւելի մեծ յաջողութեամբ՝ իր դրական հետեւանքներն ունենալով Հարաւային Կովկասի կայունութեան վրայ։

«Օրինական է արդեօք աշխարհագրական մի տարածքում խմբուած փոքրամասնութեան ինքնորոշման պահանջը» հարցումին Բակօ Սահակեան պատասխանած է. – «Ինքնորոշման պահանջի իրաւունք ունին բոլոր ժողովուրդները, դա միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունքերից մէկն է։ Բայց այդ իրաււունքը դառնում է հրամայական մի պարտականութիւն այն ժամանակ, երբ պետութիւնը, որին միացուած է նա, չունի մի այլ ցանկութիւն, քան այդ ժողովրդին ոչնչացնելը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment