Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ «Smithsonian»-ն ու USAID-ը Կ՛օգնեն Պահպանել Հայ Մշակոյթը

«Smithsonian»-ն ու USAID-ը Կ՛օգնեն Պահպանել Հայ Մշակոյթը

by MassisPost

«Հայաստանն ունի շատ հարուստ ու երկնային մշակութային ժառանգութիւն», – այս խօսքերով կը սկսի՝ Հայաստանի հետ համագործակցութեան մասին իր պատմութիւնը ԱՄՆ-ի Smithsonian հաստատութեան միջազգային կապերու բաժինի ղեկավար Մոլլի Ֆաննոնը: Անոր խօսքով, որպէս համաշխարհային մշակոյթի պահպանմամբ զբաղուող խոշորագոյն հաստատութիւն, Smithsonian թանգարանը կը ցանկայ պահպանել եւ տարածել ոչ միայն հազարամեայ պատմութիւն ունեցող հայերու իրեղէն մշակոյթը, այլեւ՝ պարը, կերակուրները, կենսակերպը, արուեստի բովանդակութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացէ «Ամերիկայի ձայնը»:

Այդ նպատակով Smithsonian հաստատութիւնը Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ֆինանսաւորմամբ Հայաստանի կառավարութեան հետ համատեղ ծրագիրներ կը մշակէ, որոնք ուղղուած են հայկական մշակոյթի պահպանման եւ մշակութային զբօսաշրջիկութեան զարգացման։

«Մեր նպատակն է ապահովել Հայաստանի մշակութային ոլորտի կայուն զարգացումը՝ կապելով այն մշակութային զբօսաշրջիկութեան հետ եւ տնտեսական նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելով այդ ոլորտէն ներս»,– յայտնած է Մոլլի Ֆաննոնը:

Մոլլի Ֆաննոնի խօսքով, մշակոյթի պահպանութիւնը զգալի տնտեսական աղբիւրներ կը պահանջէ, այսպիսով՝ մշակութային ժառանգութեան ոլորտին մէջ տնտեսական հնարաւորութիւններու ստեղծումը շատ կարեւոր է:

Եռակողմ ծրագիրի շրջանակներուն մէջ Smithsonian-ը ստեղծած է «Իմ Հայաստան» ծրագիրը, որու նպատակն է շարժել զբօսաշրջիկներու հետաքրքրասիրութիւնը եւ խթանել անոնց ներգրաւումը Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան մէջ։

«Զբօսաշրջիկներու մեծ մասը Երեւան կ՛այցելեն, լաւ ժամանակ կ՛անցկացնեն Երեւանի մէջ (իրօք, այն հրաշալի քաղաք է եւ զբօսաշրջիկին առաջարկելու շատ բան ունի), որմէ ետք միայն մէկ օրով զբօսաշրջիկներն կ՛այցելեն գիւղական վայրեր: Մեր նպատակն այդ հոսքը կ՛անգնեցնելը չէ: Մենք կը ցանկանք նոր զբօսաշրջիկներ ներգրաւել, որոնք հիմնականին մէջ կ՛այցելեն ո՛չ թէ մայրաքաղաք, այլ՝ կը շրջին Հայաստանի այլ վայրեր»,– յայտնած է Մոլլի Ֆաննոնը:

Ան նշած է նաեւ, որ Smithsonian-ը հայկական կողմի հետ միասին երկու հիմնական ուղի մշակած է՝ հիւսիսային եւ հարաւային, որոնց շուրջ ստեղծուելու են ենթակառոյցներ՝ թոյլ տալով զբօսաշրջիկներուն հաճելի եւ հարմարաւէտ հանգիստ վայելել Հայաստանի մարզերը՝ միեւնոյն ժամանակ մարզերու բնակիչներուն համար  ստեղծել նոր հեռանկարային աշխատատեղեր:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment