Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուս-ազրպէյճանական Ռազմական Համագործակցութիւնը Կը Բարձրանայ «Որակապէս Նոր Մակարդակի»

Ռուս-ազրպէյճանական Ռազմական Համագործակցութիւնը Կը Բարձրանայ «Որակապէս Նոր Մակարդակի»

by MassisPost

Փորձագէտին կարծիքով, Մոսկուայի եւ Պաքուի ռազմական խորացող համագործակցութիւնն «աւելի մեծ սպառնալիքներ» կը ստեղծէ Հայաստանի համար:

Ռուսաստանի նախագահ Փութինի՝ երկու օր առաջ Պաքու կատարած այցէն ետք յայտնի դարձաւ, որ արդէն յաջորդ ամիս՝ Սեպտեմբերին, երկու երկիրներու միջեւ համաձայնագիր պիտի ստորագրուի, որով կը նախատուի Ազրպէյճանի մէջ ռազմական ուղղաթիռներ արտադրող ռուսաստանեան խոշորագոյն ընկերութեան՝ Вертолеты России-ի սպասարկման կեդրոն բանալլ․ այն  Ազրպէյճանական ռազմական եւ քաղաքացիական ուղղաթիռներու վերանորոգումը պիտի իրականացնէ:

Օգոստոս 8-ին Փութինի հետ Պաքու էր նաեւ Ռուսաստանի փոխվարչապետ, Ազրպէյճանին ռուսական սպառազինութեան վաճառքի պատասխանատու Տմիթրի Ռոկոզինը, որ միայն այս տարի հինգ անգամ Պաքու այցելած է: «Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, որպէս լաւ եւ ոչ թանկ սպառազինութիւն արտահանող, անշուշտ, հետաքրքիր է Ազրպէյճանին»,- ըստ Риа новости-ի, յայտարարած է Ռոզոզինը՝ աւելցնելով, որ յաջորդ տարի Մոսկուան Պաքուին կը վաճառէ Руслан (Ан-124) տեսակի բեռնատար մէկ ինքնաթիռ: ՌԴ փոխվարչապետն յայտնած է նաեւ, որ Ազրպէյճանի մէջ կը բացուի ինքնաթիռներու հաւաքման գործարան: Ռոգոզինը, սակայն, չէ մանրամասնած՝ թէ ի՞նչ ինքնաթիռներու մասին է խօսքը:

Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Ռիչըրտ Կիրակոսեան ուշադրութեան կը յանձնէ այն հանգամանքը, որ Ազրպէյճանին սպառազինութեան պարզ վաճառքէն Կրեմլը արդէն անցում կը կատարէ նոր մակարդակի ռազմատեխնիկական համագործակցութեան: «Այս նոր զարգացումը ցոյց կու տայ, որ հարցն այլեւս այն չէ, որ Ազրպէյճանին սպառազինութեան թիւ մէկ մատակարարը Ռուսաստանն է, մենք գործ ունինք աւելի լուրջ խնդիրի հետ, քան սպառազինութեան մատակարարումը: Այժմ վտանգը եւ սպառնալիքներն աւելի մեծ են, որովհետեւ գործ ունինք ռուս-Ազրպէյճանական ռազմական նոր մակարդակի համագործակցութեան հետ»,- կը յայտնէ քաղաքագէտը:

Անոր խօսքով, նոյնքան կարեւոր է այն, որ նոր մակարադակի ռուս-Ազրպէյճանական ռազմատեխնիկական համագործակցութեան մասին կը յայտարարուի ղարաբաղեան բանակցութիւններու ֆոնին՝ «Ռուս-Ազրպէյճանական ռազմական համագործակցութեան նոր զարգացումները միայն կը մեծցնեն Ազրպէյճանի յարձակողական ներուժը: Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսաստանը դիւանագիտական ճնշում կը գործադրէ Հայաստանի նկատմամբ՝ նաեւ հանդէս գալով, որպէս ռազմական անվստահելի գործընկեր: Ուստի, մենք պէտք է ակնկալենք, որ ո՛չ միայն կաճի Ռուսաստանէն Ազրպէյճան մատակարարուող սպառազինութեան քանակը, այլեւ կը խորանայ երկու երկիրներու ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնը»:

Ապրիլեան պատերազմէն ետք՝ Երեւանի մէջ ընդունելով Ռուսաստանի վարչապետ Մեդվեդեւը, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց՝ թէ Ազրպէյճանցիները ռուսական զէնքով սպանած են երեխաներ: «Ազրպէյճանը հերթական անգամ փորձեց լուծել ղարաբաղեան խնդիրը ռազմական ճանապարհով: Ձեռնարկւեց լայնամասշտաբ օփերացիա՝ Ազրպէյճանի զինանոցում եղած սպառազինութեան ամբողջ սփեքթրի կիրառմամբ: Ցաւալի է, բայց այդ զէնքը կիրառւել է նաեւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ, զոհւել են երեխաներ, տարեց մարդիկ, սակայն, ի շնորհիւ Պաշտպանութեան բանակի զինւորների եւ հրամանատարների պրոֆեսիոնալ գործողութիւնների, այդ փորձը կասեցւեց: Վստահ եմ, գիտէք, որ Հայաստանում լայն արձագանք ստացաւ այն փաստը, որ Ազրպէյճանցիները ողջ ուժով կիրառեցին այն զինատեսակները, որ նրանք ձեռք են բերել վերջին ժամանակներում Ռուսաստանից: Դա հասկանալի է, քանի որ Հայաստանում ժողովրդական մակարդակով Ռուսաստանին համարում են մերձաւոր դաշնակից եւ բարեկամ»,- դիմելով Մետվետեւին, յայտնած էր Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահին այս յայտարարութենէն օրեր անց Эхо Москвы ռատիոկայանի եթերէն Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ռոկոզին, արձագանքելով Մոսկուայի հասցէին Հայաստանէն հնչող քննադատութեան, «տեմակոկիա» եւ «քարոզչական փսլինք» անուանած էր այն: Սթոքհոլմի մէջ գործող Միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին համաձայն, 2011-2015 թուականներու ընթացքին, 2006-2010 թուականներու համեմատ, Ազրպէյճանը եօթ անգամ աւելցուցած է սպառազինութեան ներմուծումը Ռուսաստանէն: Նախորդ հինգ տարիներուն ռուսաստանեան սպառազինութեան ողջ արտահանման 4.9 տոկոսը գացած է Ազրպէյճան: Ռուսական մամուլի գնահատմամբ, խօսքը 5 միլիարդ տոլարի հասնող առեւտուրի մասին է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment