Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հետ «Թերթ»ը հարցազրոյց մը կատարած է Յուլիս 15¬ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած պետական յեղաշրջման փորձի տապալումէն ետք տիրող իրավիճակին մասին:
Փայլան ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգային փոքրա մասնութիւնները եւ ընդդիմադիր համարուող մարդիկ վախի մէջ կ՛ապրին, քանի որ կը հալածուին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ: Ան յիշած է օրինակը Պոլսոյ քաղաքապետարանի Արուեստի ու մասնագիտական կրթութեան կեդրոնին մէջ դասաւանդող հայազգի Արի Հերկելին, որ պաշտօնազրկուած էր վերջերս` Կիւլենի շարժումին հետ կապեր ունենալու ամբաստանութեամբ:
«Այս մթնոլորտին մէջ հայերը բնականաբար վախով կ՛ապրին», ըսած է Փայլան:
Ան նշած է, թէ իր կուսակցութեան ղեկավարութիւնը քանի մը անգամ փորձած է կապ հաստատել Էրտողանի եւ այլ կուսակցութիւններու հետ, բայց Էրտողան մերժած է քրտամէտ կուսակցութեան հետ հանդիպիլ: «Այս կը նշանակէ, թէ անոնք (իշխանութիւնները) դասեր չեն քաղած յեղաշրջման փորձէն», աւելցուցած է ան:
«Իշխանութեանց այս մօտեցումը ապագային նկատմամբ յուսատու չէ, որովհետեւ թուրքերը լաւ յարաբերութիւններու մէջ չեն հայերու, քիւրտերու եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ: Այս կը նշանակէ, թէ ազգայնական եւ Էրտողանի բռնատիրական մօտեցումը տիրապետող պիտի ըլլայ պետութեան մէջ», ըսած է Փայլան:
Ան նաեւ յայտնած է, թէ դատարանը տակաւին չէ պատասխանած թուրք ազգայնամոլներուն դէմ իր բացած դատին կապակցութեամբ:
Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացումէն անմիջապէս ետք, ազգայնամոլները ցոյց կազմակերպած էին Պոլսոյ մօտ Գերմանիոյ հիւպատոսարանին դիմաց` պոռալով. «Լաւագոյն հայը մեռա՛ծ հայն է»:
Պատասխանելով ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը` Փայլան ըսած է, որ Թուրքիա Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները կը բարելաւէ, որպէսզի Արեւմուտքին ցոյց տայ, թէ ունի այլընտրանքներ, յատկապէս այն միջոցին, երբ Էրտողան Արեւմուտքի մէջ անբաղձալի տարր մը դարձած է:
Միւս կողմէ, «Էրմենիհապեր« կը հաղորդէ, թէ Փայլան պոլսահայ այլախոհ լրագրող Հայկօ Պաղտատի անձնագիրը առանց հիմնաւորումի գրաւելու փաստին առնչութեամբ գրաւոր դիմում ներկայացուցած է ներքին գործոց նախարարու թեան:
Պաղտատի անձնագիրը գրաւուած էր անոր Պոլիս վերադարձին, Աթաթիւրքի անուան օդակայանին մէջ: