Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութինի, Ռոհանիի ու Ալիեւի Պաքուի Ընդունած Հռչակագրին Մէջ Լեռնային Ղարաբաղը Չի Յիշատակուիր

Փութինի, Ռոհանիի ու Ալիեւի Պաքուի Ընդունած Հռչակագրին Մէջ Լեռնային Ղարաբաղը Չի Յիշատակուիր

by MassisPost

Երէկ Պաքուի մէջ կայացած է Ռուսաստան – Ազրպէյճան – Իրան գագաթաժողովը։ Երեք երկրների նախագահները համատեղ հռչակագիր ստորագրած են եւ պայմանաւորուած դարձեալ հանդիպիլ 2017 թուականին՝ Իրան։

Վլատիմիր Փութինի, Իլհամ Ալիեւի եւ Հասան Ռոհանիի ընդունած հռչակագիրին համաձայն Լեռնային Ղարաբաղը չի յիշատակուիր, սակայն կայ կէտ մը, զոր կը վերաբերի հակամարտութիւններուն։ «Կողմերը կը նկատեեն, թէ տարածաշրջանին մէջ առկայ հակամարտութիւնները էական խոչընդոտ են տարածաշրջանային համագործակցութեան դիմաց, ապա կ՛ընդգծեն անոնց շուտափոյթ կարգաւորման կարեւորութիւնը: Բանակցութիւններու ճանապարհով միջազգային իրաւունքներու կանոններուն եւ սկզբունքներուն եւ ատնց կապակցութեամբ ընդունվուած որոշումներու եւ փաստաթղթերու հիման վրայ», – նշուած է հռչակագիրին մէջ։

Ղարաբաղի մասինէ գագաթաժողովի սկիզբը,  Ազրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը, իր ունեցած ելոյթին ընթացքին նշած է, որ «Իրանն ու Ռուսաստանը յարգանքով կը վերաբերին Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան, եւ որ երկու կողմերն ալ բազմիցս յայտարարած են, որ խնդիրը պէտք է կարգաւորել՝ միջազգային իրաւունքի կաոններու հիման վրայ եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներուն մէջ»։

Ալիեւը կրկին նշած է, որ «այսօրուան  հաստատուած սահմանը ընդունելի չէ, եւ խնդիրը կարգաւորելու համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը նախեւառաջ տարածքները ազատէ»։

Գագաթաժողովի ժամանակ Փութինն ու Ռոհանին, սակայն, Ղարաբաղի մասին երբեք չեն խօսած, փոխարէնը շեշտած են, որ տարածաշրջանին մէջ կը ձեւաւորուի համագործակցութեան նոր ձեւաչափ։

Գագաթնաժողովի առանցքային հարցը Հիւսիս-Հարաւ երկաթուղին էր, իրանա-Ազրպէյճանական Ռեշտ-Ասթարա հատուածին շուրջ կողմերը պայմանաւորուած են, եւ կը նախատեսուի այն շահագործման յանձնել 2018 թուականին, զոր թոյլ կու տայ Պարսից ծոցը կապել Ռուսաստանի, ինչպէս նաեւ արեւելեան եւ հիւսիսային Եւրոպայի հետ։ Միջազգային փոխադրամիջոցի այս միջանցքը  կը կարեւորեն թէ՛ Թեհրանը, թէ՛ Պաքուն եւ թէ՛ Մոսկուան։

Պաքուի մէջ Երէկ նաեւ կայացած են Փութին – Ալիեւ, Փութին – Ռոհանի հանդիպումները, որոնք հիմնականին մէջ կայացած են փակ դռներու ետեւ, իսկ գագաթաժողովի աւարտէն ետք Ազրպէյճանի նախագահը հրաուիրած է Ռուսաստանի նախագահը իր տունը՝ թէյ խմելու։ Թէ ի՞նչ խօսած եւ պայմանաւորուաած են Փութինն ու Ալիեւը Պաքուի մէջ թէյ խմելու ընթացքին, անոնց մամլոյ ծառայութիւնները չեն յայտներ։

Յիշեցնենք, ղարաբաղեան հարցը վաղը՝ Օգոստոսի 10-ին, արդէն Մոսկուաի մէջ Փութինը կը քննարկէ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment