Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ «Փութին Բարեկամիս Հետ Նոր Էջ Պիտի Բանամ». Ըսաւ Էրտողան

«Փութին Բարեկամիս Հետ Նոր Էջ Պիտի Բանամ». Ըսաւ Էրտողան

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողանը կարծիք յայտնած է, որ Ռուսաստանի մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է Սուրիոյ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին։ Այս մասին ան խօսած է ТАСС-ին տուած հարցազրոյցին՝ Ռուսաստան կատարած իր այցի նախօրէին։

«Առանց Ռուսաստանի մասնակցութեան անհնար է գտնել սուրիական հակամարտութեան խնդրին  լուծումը։ Միայն Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան պարագային է, որ մենք կրնանք կարգաւորել Սուրիոյ մէջ տիրող ճգնաժամը»,- ըսած է Էրտողան։

Ան նաեւ ըսած է, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւնները «երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններուն համար նոր էջ կը բանան»։  Էրտողան   քննադտաելով Եւրոպան    դիտել տուած  է, թէ «եւրոպացիները   յիսուն տարիէ   ի վեր կը խաբեն  մեզ:
Եւրամիութիւնը չի գործադրեր Թուրքիոյ տուած իր խոստումներն ու անոնք  53 տարի շարունակ  մեզ յիմարի տեղ կը դնեն »,- յայտնած է Էրտողան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment