Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին վերահաստատած է Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը՝ գտնել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման լուծումը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը:
«Այդ իսկապէս խնդիր է, զոր հասած է մեզ մեր խորհրդային անցեալէնց։ Գիտեմ որքան սուր է հարցը ե՛ւ Ազրպէյճանի, ե՛ւ Հայաստանի համար։ Մենք պէտք է ձգտինք, որպէսզի Հայաստանն ու Ազրպէյճանը գտնեն այնպիսի լուծում, որ կը հանդիսանայ փոխզիջումային, բայց ընդունելի երկու կողմերուն համար», – ըսած է Ռուսաստանի նախագահը։