Վախճանած է Ուաշինկթընի պատուակալ հովիւ Տ. Վրթանէս Աւագ. Քհնյ. Գալայաճեան: Տէր հայրը, որ հանգստեան կոչուելէ ետք, որպէս պատուակալ հոգեւոր հովիւ կը ծառայէր Ուաշինկթընի մէջ, ծնած էր Հալէպ 1939–ին: 1953- 1958 Տարիներուն ուսանած է Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դպրեվանքէն ներս: Աւելի ուշ ան կը փոխադրուի Երուսաղէմ եւ 7 Փետրուար 1960-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելով կը դառնայ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան ուխտեալ կրօնաւորներէն մին:
Մինչեւ 1963 թուական ան տարբեր պաշտօններ կը վարէ Երուսաղէմի Պատրիարաքական աթոռէն եւ կը դասաւանդէ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասեր տեղի Թարգմանչաց վարժարանէն ներս: 1963-ին կարճ ժամանակով մը, որպէս հոգեւոր հովիւ կը ծառայէ իր ծննդավայր Հալէպի մէջ: Տարի մը անց՝ 1964-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր հովուական պաշտօն կը կատարէ Իլանոյի Սուրբ Գէորգ, Նիւ Ճըրզիի Սուրբ Խաչ եւ Սուրբ Ստեփանոս եւ Ուաշինկթընի՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ: 1967-ին ձեռամբ` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի օրուան առաջնորդ` Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանին կը ստանայ վարդապետական աստիճան: Ամենայն Հայոց Կաթղիկոս Երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Կաթողիկոսի բարձրձ հրամանաւ իրաւուք կը ստանայ ամուսնացեալ քահանայի կարգ ստանալու եւ նոյն տարին ընտանիք կը կազմէ:
Պարկեշտ եւ նուիրեալ քրիստոնէական բարձր արժէքներով ապրող Տէր Հայրն ու երեցկին ՝ Անահիտը կը բախտաւորուին երեք զաւակներով: Քահանայական առաքելութիւնէն բացի Տ. Վրթանէս Աւագ Քահանայ, որպէս կրօնաական գործիչ կը տանի համայնքային գործունէութիւն եւ կը կազմակերպէ քրիստոնէական եկեղեցասիրաց եւ կիրակնօրեայ վարժարանի տարբեր աշխատանքներ:
Տարբեր առիթներով, առ ի գնահատանք իր տարած նուիրական առաքելութեան կը ստանայ պատուոյ գիրեր, ինչպէս նաեւ լանջախաչ կրելու իրաւունք: Յիշեցնենք, թէ վախճանեալ տէր հայրը աւագ եղբայրն է Նիւ Եորքաբնակ երկու նուիրեալ ազգայիններ ՝ Գէորգ եւ Վազգէն Գալայճեաններուն: