Home ՍՓԻՒՌՔ Թուրք Իրաւապահներ Գրաւած են Պոլսահայ Լրագրող Հայկօ Պաղտատի Անձնագիրը

Թուրք Իրաւապահներ Գրաւած են Պոլսահայ Լրագրող Հայկօ Պաղտատի Անձնագիրը

by MassisPost

Թուրքիոյ ապահովական մարմիններ գրաւած են Հայկօ Պաղտատի անձնագիրը: Այս մասին կը յայտնէ թրքական diken.com.tr կայքը, որուն փոխանցմամբ, հայ լրագրողին անձնագիրը ձեռքէն առած են, երբ վերջինս Աթէնքէն Պոլիս կը վերադառնար:

Պաղտատ կը պատմէ. «Երկու ոստիկան, շրջելով իմ կողմս, ձեռքէս անձնագիրս վերցուցին: Ոստիկանները զիս չէին ճանչնար եւ մասնագիտութիւնս հարցուցին: Ես ալ ըսի, որ լրագրող եմ: Հարցուցին, թէ որ կայանին մէջ կաշխատիս, ըսի` «İMC TV»:

-Կիւլէնականներուն կայանը չէ՞ ատ:

«Ոչ քիւրտերու կայանն է, ըսի, ո՞րն է աւելի վտանգաւոր է»:

Խնդալով պատասխան տուին «Հիմա երկուքն ալ վտանգաւոր են»:

Պաղտատ, շարունակելով, ըսած է, թէ քանի, որ իմ մասին ձերբակալման որոշում չկայ, անձնագիրս ձեռքէս առնելէն ետք ինձի ազատ թողեցին: Ես ալ կ’ըսեմ, որ եթէ ինձ պիտի ձերբակալեք, ձախակողմեան եւ յեղափոխական ըլլալուս համար ձերբակալեցեք խնդրեմ, ի՞նչ կիւլէնական»:

Հայկօ Պաղտատ կը յայտնէ նաեւ, որ դէպքէն ետք իր հետ կապ հաստատած են մեծ թիւով երեսփոխաններ եւ կուսակցական պատասխանատուներ: Մասնաւորապէս հայ երեսփոխաններ Կարօ Փայլան եւ Սելինա Տողան ըսած են, որ խորհրդարանին մէջ պիտի բարձրացնեն այս հարցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment