Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ալեք Ենիգոմշեան Ազատ Արձակուեցաւ

Ալեք Ենիգոմշեան Ազատ Արձակուեցաւ

by MassisPost

Փոխուեցաւ «Հիմնադիր խորհրդարան»-ի անդամ Ալեք Ենիգոմշեանի խափանման միջոց կալանաւորումը եւ ան այսօր Արմավիր քրէակատարողական հիմնարկէն ազատ արձակուեցաւ։

Լրագրողներու հետ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին՝ Ենիգոմշեանն ըսաւ, որ ինք լաւ է կը զգայ՝ թէ՛ այս պահուն, թէ՛ այս պահէն առաջ՝ անցնող օրերու ընթացքին։

Ազատութեան հրապարակէն Յուլիս 27-ին բերման ենթարկուած, ապա ձերբակալուած Ալեք Ենիգոմշեան, յիշեցնենք, կասկածեալ ձերբակալուած է՝ Յուլիս 17-ին ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքը գրաւած զինուած խումբին օժանդակելու համար։

«Այդ մեղադրականը իմ դէմ ուղղուած՝ եւ՛ ինձ ձերբակալելու, եւ՛ կալանաւորելու, բովանդակային իմաստով երկուսն էլ լրիւ անհիմն են։ Քանի որ այդ ընթացակարգային որոշումներն անօրինական էին, կամ պէտք է դրանք հիմնաւորւէին, կամ պէտք է դատախազի այսօրուայ որոշումը կայացւեր», – ըսաւ Ենիգոմշեան՝ նշելով, որ իր պաշտպան Նիկոլայ Բաղդասարեանը «այդ անհիմն որոշումների վերաբերեալ բազմաթիւ բողոքներ է ներկայացրել»։

«Ես գտնում եմ, որ այսօրուայ որոշումը այդ բողոքների եւ իրենց որդեգրած կեցւածքի, որոշումների անհիմն լինելու, լուծում չգտնելու փաստի արձանագրումն է», – ըսաւ Ենիգոմշեան։

Այսօր աւելի վաղ գլխաւոր դատախազութիւնը հաղորդեց, որ յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ (ՀՔԾ) քննուող քրէական գործի նախաքննութեան օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւն իրականացնող դատախազին կողմէ այսօր որոշում կայացած է մեղադրեալ Ենիգոմշեանին նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոց կալանաւրումը վերացնելու մասին՝ մեղադրեալին կալանքի տակ պահելու անհրաժեշտութիւնը վերանալու պատճառաբանութեամբ:

Դատախազութիւնը նաեւ տեղեկացուց, որ նոյն օրը կայացուած որոշման պատճէններն ուղարկուած են նախաքննութեան մարմնին եւ կալանաւորուածները պահելու վայրի վարչակազմին՝ մեղադրեալին անյապաղ ազատ արձակելու պահանջով», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment