Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ֆրիտըմ Հաուս»-ը Երեւանեան Դէպքերու Խորքային Պատճառներուն Մէջ Նաեւ «Սակաւապետական» Տնտեսութիւնը Կը Նշէ

«Ֆրիտըմ Հաուս»-ը Երեւանեան Դէպքերու Խորքային Պատճառներուն Մէջ Նաեւ «Սակաւապետական» Տնտեսութիւնը Կը Նշէ

by MassisPost

«Երեւանի մէջ Ոստիկանութեան պարեկապահակային գունդի երկշաբաթեայ գրաւումը, որն աւարտեցաւ անցեալ Կիրակի, հասարակութեան անսպասելի աջակցութեան արժանացաւ՝ յառաջ բերելով հարցեր երկրի ապագայ կայունութեան վերաբերեալ»: Այսպիսի արձանագրութիւն կատարած է «Ֆրիտըմ Հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան կայքին մէջ հրապարակուած յօդուածը, որուն հեղինակները փորձած են վերլուծել եղելութեան պատճառներն ու հնարաւոր հետեւանքները:

«Երբ զինուած խումբը գրաւեց պարեկապահակային գունդի տարածքը եւ պահանջներ ներկայացուց իշխանութիւններուն՝ նախագահի հրաժարականի ու քաղաքական բանտարկեալներուն ազատ արձակելու վերաբերեալ, հասարակութիւնը շփոթութեամբ արձագանքեց, իսկ վարչակազմն ու ընդդիմադիր գործիչները՝ լռեցին»,- կը փաստեն յօդուածագիրները, աւելցնելով՝ մինչ իշխանական լրատուամիջոցներն ու նախագահը լռութեան մէջ կը մնային, հասարակութեան շրջանակէն ներս աճեցաւ համակրանքը զինուած խումբի նկատմամբ, հազարաւոր ցուցարարնե դուրս եկան փողոց՝ կոշտ արձագանք ստանալով ոստիկանութեան կողմէ:

«Երկրէն ներս հաստատուած սահմանը փոխելու՝ զինուած խումբի ծայրահեղական փորձը կրնայ ընկալուիլ միայն իշխանութիւններու բռնապետական միտումներու եւ ատոնց առաջ բերած յուսահատութեան համատեքստով, ու թէեւ վերջին տարիներու հակակառավարական ցոյցերը հիմնականօրէն խաղաղ էին, այս երկու շաբաթներն կ՛ահազանգեն, որ հայաստանեան հիասթափուած հանրութեան ակնկալութեան մէջ անհանգստացնող լարուածութիւն կայ, – կարծիք կը յայտնեմ յօդուածի հեղինակներն ու կը շարունակեն՝ «Զինուած խումբի կողմէն զէնքերը վայր դնելու որոշումը կրնայ ի վերջոյ աւելցնել հասարակութեան համակրանքը «Սասնայ Ծռեր»-ու նկատմամբ, հաշուի առնելով, որ զինեալներն այժմ կը գտնուին Հայաստանի՝ դաժանութեամբ յայտնի արդարադատութեան համակարգի ձեռքը»:

Անդրադառնալով այս միջադէպի պատճառներուն՝ «Ֆրիտըմ Հաուս»-ի յօդուածը կը նշէ՝ «2008 թուականին իշխանութեան գալով՝ Սերժ Սարգսեան ժառանգեց սակաւապետականներու աջակցութիւնը վայելող համակարգ մը, որու պայմաններուն մէջ անոնք, ըստ էութեան, կը վերահսկեն տնտեսութեան ցանկացած բնագաւառ: Անոր իշխանավարութիւնը մեկնարկեց առաւել բռնապետական միջավայրի մէջ՝ այդ տարուան վիճահարոյց նախագահական ընտրութիւններէ ետք սկսած զանգուածային ցոյցերու ու Մարտ 1-ի 10 սպանութիւններէ ետք: Թէեւ 2013 թուականի ընտրութիւններն այդ օրինակ բռնութիւններու չհանգեցուցին, սակայն, լուրջ ընտրախախտումներն ու կաշառակերութեան վերաբերեալ համատարած բողոքներն եւս աւելի հիասթափեցուցին հասարակութիւնը:

Վերջին տարիներուն երկրին մէջ արձանագրուեցաւ քաղաքացիական աշխուժացման աննախադէպ մակարդակ, ու թէեւ հանրահաւաքներէն ու նստացոյցերէն որեւէ մէկը բռնութիւն չէր քարոզեր, եւ մասնակիցներէն քիչերն էին իշխանական համակարգի էական փոփոխութեան կոչ ուղղողները, վարչակազմը ատոնց եւս արձագանքեց մեծաթիւ ոստիկաններ կուտակելով ու ցուցարարներուն կոպտօրէն ցրելով»:

«Ֆրիտըմ Հաուս»-ի Հրապարակման հեղինակները կը նշեն՝ իշխանութիւններու այս բռնութիւնները, ինչպէս նաեւ ցուցարարներու պահանջներն անտեսելու անոնց քաղաքականութիւնն է ստիպել շատերուն՝ կորսնցնել յոյսը, թէ հնարաւոր է ի վերջոյ արդարադատութեան հասնիլ եւ օրինական ու ժողովրդավար միջոցներով պաշտօնեաներուն պատասխանատուութեան կանչել: Անդրադառնալով այս ճգնաժամի հնարաւոր հետեւանքներուն, յօդուածը կը փաստէ՝ զինուած խումբի գործողութիւններն ի սկզբանէ անոնց առջեւ դրուած նպատակներէն աւելի ընդարձակ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ:

«Իշխանութիւնը, զոր սահմանափակուեցաւ միայն զինեալներուն ահաբեկիչ որակելով ու անոց աջակիցներուն ճնշելով, այդպէս ալ չըմբռնեց ոչ այնքան հաճելի իրականութիւնը, որ Հայաստանի հասարակութիւնը կը սատարէ զինեալները խորքային պահանջներու ու բողոքներու մեծ մասը: Մինչ Յուլիս 17-ը շատերը բռնութիւնները հաւանական գործիք չէին նակտեր ընդդիմադիրներու ձեռքը:

Սակայն, հասարակութեան անսպասելի դրական արձագանքը ոստիկանութեան գունդի գրաւման, փոխեց այն ըմբռնումը, թէ ինչը թոյլատրելի է հակակառավարական ըմբոստութեան ժամանակ։ Եւ այս նոր ու վտանգաւոր իրականութիւն է Հայաստանի քաղաքական դաշտէն ներս, եթէ հաշուի առնենք Հայաստանի իշխանութիւններուն ակնյայտ հաւատարմութիւնն անգամ խաղաղ ցոյցերուն անհամաչափ ուժով արձագանքելու գործելաոճին»,- կ՛արձանագրէ հեղինակաւոր «Ֆրիտըմ Հաուս»-ի կայքին մէջ հրապարակուած յօդուածը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment