Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Սթրաթֆոր»-ը Չի Բացառեր Հայաստանի Մէջ Հակակառավարական Նոր Բռնութիւնները

«Սթրաթֆոր»-ը Չի Բացառեր Հայաստանի Մէջ Հակակառավարական Նոր Բռնութիւնները

by MassisPost

Հայաստանի մէջ պատանդառութեան ճգնաժամն աւարտեցաւ, բայց խնդիրները մնացին, կը գրեն վերլուծական կեդրոնի փորձագէտները: Երկշաբաթեայ ճգնաժամի հանգուցալուծումէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան Օգոստոս 1-ին խոստացաւ ազգային համաձայնութեան կառավարարութիւն ձեւաւորել, յոյս ունենալով մեղմել բնակչութեան դժգոհութիւնը: Սակայն, հակառակ հանգամանքին, որ պատանդառութեան հետ կապուած ճգանաժամն աւարտեցաւ, իշխանութիւններու դէմ բողոքի շարժումները կը շարունակուին՝ ընդգծելով խնդիրի լայն քաղաքական բնոյթը:

Երկրէն ներս տիրող անփոփոխ դժգոհութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի պատճառով Ազպէյճանի հետ հակամարտութիւնը պիտի շարունակեն ստուերի տակ առնել Հայաստանի կառավարութեան ապագան, անկախ այն բանէն՝ որոնք կը ղեկավարեն կառավարութիւնը, քանի որ ներքին եւ արտաքին քաղաքական ու այլ խնդիրներ հնարք գտնելու քիչ տեղ կը ձգեն Հայաստանի իշխանութիւններուն, կը յայտնեն «Սթրաթֆոր»-ի վերլուծաբանները:

Արձանագրելով, որ երկրի սահմաններէն ներս եւ դուրսը անկանոն բռնկումներով հագեցած վերջին մի քանի ամիսները դժուար էին Հայաստանի համար, փորձագէտները կը նշեն, որ Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական լարուածութեան բռնկումը  անակնկալի բերաւ Երեւանը, որուն հետեւանքով, Հայաստանի կողմէն աջակցութիւն ստացող Ղարաբաղի զօրքերը ոչ մեծ, սակայն, նշանակալի տարածքային կորուստ ունեցան:

«Սթրաթֆոր»-ը նաեւ կը նշէ, որ այդ օրերուն 1994 թուականի հրադադարէն ի վեր Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ամենամեծ մարդկային կորուստներն ունեցան: Հակառակ անոր, որ ռազմական գործողութիւններու բռնկումը չորս օր տեւեց, այդ բավարար էր՝ ցոյց տալու համար, որ ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանը չի ցանկար պաշտպանել Հայաստանը: Փոխարէնը՝ Մոսկուան Երեւանին ստիպեց վերականգնել բանակցութիւններն Ատրպէյճանի հետ: Հայաստանի մէջ շատերն կը կարծէին, որ այդ բախումը եւ ատոր յաջորդած բանակցութիւնները մեծ անյաջողութիւններ են, քանի որ Հայաստանը կը գերադասէր հաստատուած սահմանի պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, կը գրեն վերլուծական կեդրոնի փորձագէտները:

Ըստ անոնց, իսկութեան մէջ այս հիասթափութիւնն էր Յուլիս 17-ին «Սասայ ծռեր»  անունով ներկայացած  զինուած խումբի կողմէն Երեւանի մէջ ոստիկանական գունդի տարածքը գրաւելու հիմնական դրդապատճառներէն մէկը: Այդ խումբը, որի մեջ բազմաթիվ էին ղարաբաղյան պատերազմի վետերանները, ստացավ Հայաստանի հասարակութեան «զգացական աջակցութիւնը»:

Հազարաւոր մարդիկ բողոքի դուրս եկան իշխանութիւններուն դէմ, զոր ստիպեց բանակցիլ խումբի հետ: Այդ ալ, ի վերջոյ հանգեցուց Յուլիս 31-ին խումբի անդամների յանձնուիլը: Այնուհանդերձ, հակառակ այդ ճգնաժամը հանգուցալուծուեցաւ, Սարգսեանի կառավարութեան վրայ ճնշումները կը շարունակուին, կը նշեն «Սթարթֆոր»-ի վերլուծաբաններն ու կը շարունակեն՝ այդ հանրահաւանքները շարունակութիւնն են կառավարութեան դէմ այն լայն բողոքի շարժումներուն, որոնք տեղի ունեցած են անցած մի քանի տարիներու ընթացքին: Նախագահն ինքը այդ ընդունեց՝ Օգոստոս 1-ին հանրութեան ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ ըսելով՝ Հայաստանի իշխանութիւններն անթերի չեն, եւ երկրի դիմաց ծառացած են շարք մը բարդ խնդիրներ:

Այդ խնդիրները լուծելու համար Սարգսեան առաջարկեց ձեւաւորել ազգային համաձայնութեանմ կառավարութիւն, զոր հարցերը կը լուծէ լայն համաձայնութեան պայմաններու մէջ: «Նախագահը աւելցուց, թէ նման կառավարութեան ձեւաւորումը տեղի կ՛ունենայ մի քանի ամսուան ընթացքին»,- կը հաղորդէ «Սթրաթֆոր»-ը ու կը շարունակէ՝ նոր կառավարութեան ձեւաւորումը տեղի պիտի ունենայ բարեփոխուած Սահմանադրութեան հիման վրայ: «Այդ բարեփոխումով Հայաստանը կիսանախագահական կառավարման համակարգէն կ՛անցնի խորհրդարանական համակարգի, այդ գործընթացը սկսած է 2015 թուականի տեղի ունեցած հանրաքուէով եւ կ՛աւարտի 2018-ին»:

Վերլուծաբանները կը նկատեն՝ թէեւ տեսականօրէն այդ փոփոխութեամբ օրէնսդիր մարմինն աւելի մեծ իշխանութիւն պիտի ունենայ, քան նախագահը, շատ քաղաքացիներ կը կասկածին, որ այդ Սերժ Սարգսեանի համար ճանապարհ է՝ անուղղակի միջոցներով պահպանելու իր իշխանութիւնը, քանի որ նախագահի պաշտօնին համար ան երրորդ անգամ արդէն չի կրնար թեկնածու առաջադրուիլ:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի բռնկման, պատանդառութեան ճգնաժամին եւ վերջին բողոքի շարժումներուն իբրեւ արդիւնք հանրութիւնը չի ցանակար, որ Սարգսեանի իշխանութիւնը շարունակուի: Կեդրոնի փորձագէտները հաւանական կը նկատեն անոր կառավարութեան դէմ նոր բողոքները, չբացառելով նաեւ նոր յարձակումներու կամ բռնութիւններու հնարաւորութիւնը:

Ազգային համաձայնութեան կառվարութեան ձեւաւորման փորձը կրնայ Սարգսեանին որոշ ժամանակ ընձեռել՝ մարտավարութիւնը փոխելու համար, սակայն, անոր ջանքերու անկեղծութիւնը պիտի ստուգուի հոռետես քաղաքացիններու ուշադիր զննութեամբ: Նոյնիսկ՝ եթէ Սարգսեանի վարչակազմը կասեցնէ աղէտը, Հայաստանի աշխարհաքաղաքական երկարատեւ սահմանափակումները կը շարունակեն լուրջ մարտահրաւէրներ մնալ կառավարութեան համար: Խօսքը յատկապէս Ազպէյճանի հետ չմարող հակամարտութեան մասին է, կ՛ամփոփէ «Սթրաթֆոր» վերլուծական կեդրոնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment