Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կոստանեանի Հրաժարականն Ունի Բոլորովին Այլ, Նոյնիսկ Անսպասելի Հիմք

Կոստանեանի Հրաժարականն Ունի Բոլորովին Այլ, Նոյնիսկ Անսպասելի Հիմք

by MassisPost

«Հայկական ժամանակ» թերթը կը գրէ. «Տեղի ունեցած մի քանի պաշտօնանկութիւններու շարքէն ներս, անշուշտ, կ՛առանձնանայ ՀՀ գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի հրաժարականի դիմումը: Եթէ ՀՀ ոստիկանութեան կամ Ազգային անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու պաշտօնանկութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է տեղաւորել վերջին իրադարձութիւններու շրջանակէն ներս, ապա գլխաւոր դատախազի հրաժարականը այդ շրջանակէն ներս, ըստ էութեան, դուրս է:

Դատախազութիւնը, ի տարբերութիւն ոստիկանութեան կամ ԱԱԾ-ի, առանցքային դերակատարութիւն այս չունէր այս փուլէն ներս, եւ ակներեւ թերացումներ, սխալ գործողութիւններ կամ անգործութիւն գտնելը դժուար է, եթէ ոչ անհնար է:

Պաշտօնապէս իր հրաժարականը Գէորգ Կոստանեան պատճառաբանած է առողջական խնդիրներով, ինչ որ գոնէ իր շրջապատին մէջ հիմնաւր չի թուիր: Անոր առողջական վիճակին մէջ, վերջերես, որեւէ փոփոխութիւն չէ եղած:

Ուղղակի իր շրջապատէն մեզի հասած տեղեկութիւններով, Կոստանեանի հրաժարականն ունի բոլորովին այլ, նոյնիսկ անսպասելի հիմք:

Խնդիրն այն է, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ապրանքներ մատակարարող բազմաթիւ ընկերութիւններու մէջ առնուազն երեքը սերտօրէն  փոխկապակցուած են Գէորգ Կոստանեանի եւ անոր հարազատներուն հետ: Ապրիլեան պատերազմէն ետք ՊՆ մատակարարումներու ոլորտէն ներս իրականացուած ստուգումներու արդիւնքով, ըստ մեզի հասած տեղեկութիւններուն, պարզուած է, որ այդ երեք ընկերութիւններու մատակարարումներն իրականացուած են խոշոր չարաշահումներով:

Մեր աղբիւրներու փոխանցմամբ, այդ ընկերութիւնները զբաղ եղած են սննդամթերքի մատակարարմամբ, հիմնականօրէն մսամթերքներ, պահածոներ եւ մաքարոնի տեսակներ: Չարաշահումներէ բացի այդ ընկերութիւնները չեն իրականացուցած նման մատակարարումներու համար ընդունուած հմապատասխան «ստվերային մուծումներ»ը:

Այնպէս, որ, ինչպէս կը պնդեն մեր աղբիւրները, Կոստանեանի հրաժարականի հիմնական պատճառը ուղիղ այս է: Եթէ չըլլային ՊՊԾ գունդի շուրջ յայտնի իրադարձութիւնները, Կոստանեան հրաժարական պիտի տար աւելի ուշ, սակայն օգտագործելով պահը, հրաժարականը տեղի ունեցած է հիմա, ինչ բանով եւ պիտի փորձուի քողարկել իրական պատճառը՝ չարաշահումները ՊՆ-ին իրականացուող մատակարարումներու ընթացքին: Թէ խօսքը որ ընկերութիւններու մասին է եւ ինչ ծաւալի չարաշահումներ եղած են, թերեւս դժուար թէ բացայայտուին յառաջիկային, քանի որ ՊՆ-ի համար կատարուող գնումներու մանրամասնութիւնները կը համարուին պետական գաղտնիք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment