Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Սուրիահայ Ուսանողներու Օգնութեան Նոր Նախաձեռնութիւն

Սուրիահայ Ուսանողներու Օգնութեան Նոր Նախաձեռնութիւն

by MassisPost

Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի սուրիահայ ուսանողներու կրթաթոշակին եւ կեցութեան ծախսերուն օժանդակելու նպատակով, Շաբաթ, 6 Օգոստոսին, «Տեսքանզօ» պարտէզին մէջ (1418 Descanso Drive, La Canada Flintridge, CA 91011) տեղի ունենալիք ընթրիք-պարահանդէսին տոմսերը ամբողջութեամբ վաճառուած են. այս մասին յայտարարած են Շրջանաւարտից միութեան ատենապետ Ռաֆֆի Քենտիրճեան եւ ձեռնարկը կազմակերպողներէն՝ Հուրի Դաւիթեան։

Կազմակերպիչները միաժամանակ կը տեղեկացնեն, թէ անոնք, որոնք կը փափաքին նուիրատուութիւն կատարել, կրնան իրենց գումարները ուղարկել Haigazian University Support Fund, Inc., c/o Ms. Houri Tavitian, 1361 Western Ave., Glendale, CA 91201 հասցէին:

Սուրիոյ տագնապին պատճառով, ներկայիս «Հայկազեան» համալսարանին մէջ իրենց ուսումը կը շարունակեն մօտաւորապէս 40 սուրիահայ ուսանողներ, որոնց մեծ մասը նիւթական օժանդակութիւն կը ստանայ: Նախորդ տարեշրջանի շրջանաւարտներուն մէջ կային երեք սուրիահայեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment