Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Human Rights Watch Կազմակերպութիւնը Դատապարտած է ՀՀ Ոստիկանութեան Արարքները

Human Rights Watch Կազմակերպութիւնը Դատապարտած է ՀՀ Ոստիկանութեան Արարքները

by MassisPost

Հայաստանի ոստիկանութիւնը Յուլիս 29-ին անհամեմատ ոյժ կիրառած է խաղաղ ցուցարարներուն դէմ եւ յարձակում գործած է ցոյցը լուսաբանող լրագրողներուն վրայ: Այս մասին յատարարուած է Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ոստիկանութիւնը կիրառած է ծխանռնակներ, ձայնային նռնակներ, որուն հետեւանքով տասնեակ ցուցարարներ, ինչպէս նաեւ լրագրողներ վիրաւորուաած են:

«Յուլիսի 29-ին ոստիկաններու յարձակումներուն հետաքննութիւնը պէտք է կատարուի անյապաղ եւ բազմակողմանի: Ոստիկանութիւնը պարտաւոր է ապահովել հասարակական կարգը, բայց այդ մէկը անոր քարտ պլանշ չի տար բռնութիւն գործադրելու այն անձերուն նկատմամբ, որոնք խաղաղ հաւաքուած են իրենց դիրքորոշումը արտայայտելու համար»,- յայտարարել է կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի հարցերի տնօրէն Գէորգի Գոգիան:

Human Rights Watch-ի մէջ նշուած է, որ իրենք խօսած են բռնութիւններու զոհերուն եւ ականատեսներուն հետ: Անոնք նաեւ այցելած են հիւանդանոցներ՝ տեսակցելու մի քանի վիրաւոր լրագրողներու եւ ցուցարարներու հետ:

Ականատեսները յայտնած են, որ բազմութիւնը չէ փորձած անցնիլ ոստիկաններու շղթան, երբ ոստիկանութիւնն սկսած է յատուկ միջոցներ կիրառել: Իրադարձութիւններու տեսանիւթը, զոր դիտած են Human Rights Watch-ում, կը հաստատէ ականատեսներուն պատմածները:

Ոստիկանութիւնը կրնայ օրինական կերպով փորձել կանխել ցուցարարներու մուտքը գրաւուած տարածքին մօտ գտնուող տարածք, եւ անոնք պարտաւոր էին հետեւիլ մարդու իրաւունքներուն եւ յարգել ուժի կիրառման չափանիշները:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ անվտանգութեան ուժերը պէտք չէ ձայնային նռնակներ կիրառեն ուղիղ բազմութեան ուղղութեամբ, հակառակ անոր որ այդ նռնակները մահացու չեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment