Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Սասնայ Ծռեր» Խումբի 20 Անդամներ Յանձնուեցան Իրաւապահ Մարմիններուն

«Սասնայ Ծռեր» Խումբի 20 Անդամներ Յանձնուեցան Իրաւապահ Մարմիններուն

by MassisPost

«Սասնայ Ծռեր» խումբի զինեալներ դուրս եկած են Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոնի շէնքէն եւ ձերբակալուած: Այս մասին նոյնպէս յայտնած է Հայաստանի ԱԱԾ-ն նշելով, որ զինեալները իրենց զէնքերը յանձնած են իրաւապահ մարմիններուն վերջին ժամերու կիրառած ճնշումներուն առ ի հետեւանք:

Նշենք, որ «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամ Վարուժան Աւետիսեան աւելի վաղ «Առաջին Լրատուական»ին խօսելով ըսած էր, թէ իրենք դէմ ըլլալով արեան հեղումին որոշած են վար դնել իրենց զէնքերը: Աւետիսեան նաեւ ըսած էր, թէ իրենք յետ այսու «ռազմագերիներ» են:

Նշենք, որ մինչ «Սասնայ Ծռեր» խումբի զինեալները վար կը դնէին իրենց զէնքերը, անդին «անգլուխ» մնացած ընդդիմադիր բողոքարարները հաւաք կը կատարէին «Ազատութեան» հրապարակին վրայ: Մեծաթիւ ցուցարարները հաւաքի աւարտէն ետք երթ կազմակերպեցին Երեւանի տարբեր փողոցներու ուղղութեամբ: Երթին կը հսկէր ոստիկանութիւնը եւ հաւաքի ողջ ընթացքին բռնութեան դէպքեր չգրանցուեցան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment