Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սեդա Մելքոնեան. Ալեքի Ձերբակալութիւնը Մարդկային Իրաւունքի Կոպիտ Խախտում Է

Սեդա Մելքոնեան. Ալեքի Ձերբակալութիւնը Մարդկային Իրաւունքի Կոպիտ Խախտում Է

by MassisPost

Seta-MelkonianՄոնթէ Մելքոնեանի կինը՝ Սեդա Մելքոնեան, «Արեւելք» կայքին խօսելով իր մտահոգութիւնը յայտնած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու առթիւ, նշելով, որ կը զգայ, թէ ինչ ծանր օրեր կ’ապրի Հայաստանը:

«Բազմաթիւ սրտցաւ մարդոց պէս համակարգիչի առջեւէն չեմ հեռանար այս օրերուն։ Իսկապէս ծանր օրեր են։

Ալեքի ձերբակալութիւնը մարդկային իրաւունքի կոպիտ խախտում կը համարեմ»,-ըսաւ Սեդա Մելքոնեանը՝ անդրադառնալով քաղաքական գործիչ, «Մոնթէ Մելքոնեան» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Ալեք Ենիգոմշեանի ձերբակալութեան։ Պահ մը քաղաքական նկատառումները մէկ կողմ թողելով՝ մարդկային առումով արդէն իսկ անընդունելի է նման արարքը: Երբ հաշմանդամութեան պայմանները անտեսելով հաշմանդամի հետ կը վարուին սովորական մարդու պէս, այդ արդէն հաւասար է բանտային կտտանքներու ենթարկելուն։ Օրեր շարունակ մեկուսարանի մէջ պահել մէկը, որ ինքնուրիւն սնուելու կարողութիւն անգամ չունի, եթէ չարչարանք չէ, ապա ի՞նչ է։ Ամբողջովին անընդունելի կը համարեմ կատարուածը»,-իր վրդովմունքը յայտնեց Սեդա Մելքոնեանը, աւելցնելով, որ քաղաքական ոչ մէկ լուրջ հիմք չի տեսներ նման ձերբակալութեան համար։

Նշենք, որ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին բաց նամակով դիմած են նաեւ Մոնթէ Մելքոնեանի ընատանիքի անդամները՝ խնդրելով ազատ արձակել Ալեք Ենիգոմշեանին:

Մոնթէ Մելքոնեանի ընտանիքը դիմումը

Յարգելի պրն. Սերժ Սարգսեան,

Խորին մտահոգութեամբ մենք տեղեկացանք, որ 27 Յուլիսին Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը ձերբակալած է մեծ հայրենասէր Արա Ալեք Ենիգոմշեանին։ Պրն. Ենիգոմշեանը տասնամեակներ շարունակ ներգրաւուած եղած է Հայաստանի մէջ բարեգործական աշխատանքներում մէջ եւ ամէն ինչ ըրած է երկրի բարելաւման համար, երկրի, որ ան կը սիրէ ամէն ինչէ աւելի։

Ան իր կեանքը նուիրած է Հայաստանի բարօրութեան համար եւ ան եղած է Ձեր նախկին զինակից ընկեր, Ազգային հերոս՝ Մոնթէ Մելքոնեանի ամենամօտ եւ վստահելի ընկերներէն մէկը։
Հակառակ հայրենասիրական գործողութիւններու ժամանակ ֆիզիքապէս տուժելուն՝ Ալեքը կը շարունակէ աշխատիլ Հայաստանը լաւ դարձնելու համար։

Պրն. Եինգոմշեանը իւրայատուկ հայրենասէր մարդ է, բարեխիղճ է եւ ընդգրկուած է երկրի բարելաւման համար ուղղուած քաղաքացիական բանավէճերուն, օրինական, խաղաղ աշխատանքներու մէջ։
Մենք շատերու հետ միասին կը բարձրացնենք մեր ձայնը եւ կը խնդրենք, որ ան անմիջապէս ազատ արձակուի ոստիկանական բանտարկութենէն։

Յարգանքներով՝
Մաիլէ Մելքոնեան
Մարկար Մելքոնեան
Մարսիա Մելքոնեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment