Հայաստանի Մէջ Կը Տիրէ Ժողովրդային Ապստամբութեան Մթնոլորտ
Խիստ լարուած իրավիճակ կը տիրէր Երեւանի մէջ: Յուլիս 27-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն իրաւապահներու կողմէ կատարուած անակնկալ յարձակումի մը ընթացքին տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն, որու հետեւանքով վիրաւորուած են «Սասնայ Ծռեր» Խումբի անդամներէն Պաւլիկ Մանուկեանը, անոր որդին` Արամը, մէկ այլ զինեալ եւ մէկ իրաւապահ ոստիկան: Վիրաւորեալները փոխադրուած են հիւանդանոց: Ոստիկանութեան բանբեր մը յայտնց որ, խումբի երկու անդամներ` Արամ Յակոբեան ու Գագիկ Եղիազարեան յանձնուած են իրաւապահ մարմիններուն:
Մինչ այդ, «Սասնայ Ծռեր» խումբին կողմէ Երեւանի Էրեբունի շրջանի ոստիկանութեան զօրանոցի գրաւումը կը շարունակուի, թեւակոխելով երկրորդ շաբաթը: Զինեալներուն կողմէ պատանդներու ազատ արձակումով, գործողութիւնը ստացաւ տարբեր բնոյթ, վերածուելով իշխանութիւններուն դէմ ապստամբութեան, որուն մասնակից են նաեւ հազարաւոր ժողովուրդ, որ ամէն օր կը հաւաքուի զօրամասին մօտ, իր զօրակցութիւնը յայտնելու տղաներուն:
Յուլիս 26-ին, ՚Հիմնադիր Խորհրդարանՙ կազմակերպութեան բանտարկեալ առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեան հանդէս եկաւ գործնական առաջարկութեամբ մը` իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններ սկսելու ուղղութեամբ: Սեֆիլեան իր փաստաբան Արա Զաքարեանի միջոցով յոյս յայտնեց, որ իշխանութիւնները օր առաջ կը սթափուին եւ կը նստին բանակցութիւններու:
«Մենք ունենք յստակ քաղաքական ծրագիր խնդիրը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար: Ակնյայտ է, որ բանակցային պրոցէսի ուշացումը տանում է դէպի իրավիճակի լարման, որի պայմաններում կարող են նոր բախումներ, վիրաւորներ եւ մարդկային կորուստներ լինել, ինչը անշուշտ, իշխանութիւնների մեղքն է լինելու», Ժիրայր Սեֆիլեանի այս խօսքերը ՚Ազատութիւնՙ ռատիոկայան փոխանցեց փաստաբան Արա Զագարեանը:
Նոյն օրը երեկոյեան, Խորենացի փողոցին վրայ տեղի ունեցող հերթական բողոքի հաւաքի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան օր մը առաջ կազմուած «Հակաճգնաժամային Նախաձեռնող Խորհուրդի» անդամներ եւ այլ գործիչներ: Բոլոր խօսք առնողները պահանջեցին արագօրէն լուծել «Սասնայ Ծռեր» խումբի տղոց սնունդի, ջուրի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութիւն հանդիսացող խնդիրներու լուծումը: Հանրահաւաքին յաջորդեց երթ` Երեւանի կեդրոնական փողոցներով:
Այս իրադարձութիւններու կողքին տեղի ունեցան նաեւ զինեալ բախումներ, որոնց ընթացքին վիրաւորուեցան զինեալ խումբի բազմաթիւ անդամներ: