Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Մովսէս Խորենացիէն Խորենացի Փողոց

Մովսէս Խորենացիէն Խորենացի Փողոց

by MassisPost
Khorenatzi

Մովսէս Խորենացի

Աւետիս Ռազմիկ

Այս օրերուն ամենաշատ հոլովուող անունը Խորենացի է. անշուշտ՝ Երեւանի փողոցներէն մին եւ ոչ թէ պատմահայր ու քերթողահայր Մովսէս Խորենացին:

Ապրիլեան պատերազմին վէրքերը չամոքած, որբեւայրիներու թաց աչքերը տակաւին չչորցած, մի քանի տասնեակ հաշմանդամ զինուորներու տարրական կարիքներն ու արհեստական ոտքերը չապահոված, իսրայէլեան անօդաչու սարքերուն ծանր ցնցումէն դեռեւս ուշքի չեկած, աւելին՝ քաղաքական ու ռազմական սեղմուող օղակներէն չսթափած, Պաքուի սպառնալիքներուն եւ Մոսկուայի լպրծուն քաղաքականութեան դիմաց ազգովին դիմակալելու պատրաստակամութեամբ պէտք եղած կերպով չզրահուած, ահա աւելի ահեղ պալար մը կը պայթի Երեւանի մէջ: Եւ ի՜նչ հեգնանք՝ Խորենացի փողոցին վրայ:

Ինչո՞ւ հեգնանք:

5-րդ դարուն, Հայոց Պատմահայրը իր արժէքաւոր մատեանին վերջին գլուխը՝ «Ողբ»ը կարծէք գրած ըլլար այս օրերուն: Ան Արշակունեաց թագաւորութեան անկումին եւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի տոհմին եպիսկոպոսապետութեան դադրելուն պատճառները ներկայացնելով կ’ունենայ ցաւակսկիծ մտորումներ. կը պատկերէ երկիրին վիճակը այնպէս՝ ինչպէս որ է. «Ողբում եմ քեզ, հայոց աշխարհ, որովհետեւ վերացան թագաւորդ ու քահանադ, արմատացաւ անկարգութիւնը, խախտուեց ուղղափառութիւնը, հիմնաւորուեց տգիտութեամբ չարափառութիւնը»:

Տարբեր հանգրուաններու հայոց անկումներուն դրդապատճառները հեռուները չփնտռէք. աջէն ու ձախէն մեղաւորներ չորոնէք. արտաքին ուժերու վրայ անէծք ու լուտանք չթափէք. ի զուր յանցաւորներ չերեւակայէք: Հերիք է Խորենացիին «ողբ»ը՝ տեսնելու համար մեր մէջ բոյն դրած տարաբնոյթ ախտերը: Ինքնաճանաչման ուղղորդիչ աւետարանն է այս՝ բոլորիս ուսանելի:

Այսօր, հայկական կեանքին ուշադրութեան կեդրոնը Երեւանի Խորենացի փողոցն է, ուր կ’արձանագրուին խիստ մտահոգիչ զարգացումներ, անկանխատեսելի դէպքեր: Արիւնլուիկ ինկաւ եղբայրասպանութեան վերջին զոհը՝ գնդապետ Արթուր Վանոյեան: Ազգը երկփեղկուած է. բեւեռացած է հայ հասարակութիւնը եւ լարուածութիւնը կրնայ ծաւալիլ եւ առաւել խճճուիլ: Թէպէտ խնդրոյ առարկան Ժիրայր Սեֆիլեանն է, բայց սա՝ երեւութապէս. անոր ձերբակալութիւնը առիթն է մի գուցէ, սակայն՝ տագնապը ունի աւելի խոր արմատներ: Անհնար է չնկատել, որ տարիներու կուտակուած զայրոյթի մը պոռթկումն է որ կը պատահի, չարաշահութեանց եւ անարդարութեանց երկար շղթայի մը ժայթքումն է դէպքը: Անոր անցեալը կը հասնի մինչեւ Հոկտեմբեր 27 (1999) եւ Մարտ 1 (2008), ընկերային-տնտեսական ճգնաժամ, բարոյահոգեբանական գալարում, ահագնացող հայրենալքում, յուսահատութիւն եւ անյուսալի հիասթափութիւն. մաղձ ու ոխ. անհանդուրժողութիւն եւ ատելութիւն ամբարած են մարդիկ ի տես սանձարձակ եւ կամայական իշխանութեանց:

Պալարը պիտի պայթէր եւ պայթեցաւ:

Ինչո՞ւ: Խօսքը տանք Մովսէս Խորենացիին եւ դուք կրնաք գտնել անուններն ու հասցէները ստեղծուած իրավիճակին պատասխանատուներուն:

 «Կրօնաւորները կեղծաւոր, ցուցամոլ, սնափառ, պատուամոլ, քան թէ աստուածասէր:

  Վիճակաւորները հպարտ, դատարկապորտ, դատարկախօս, ծոյլ, գիտութիւններն ու վարդապետական գրուածքներն ատող, առեւտուր եւ կատակերգութիւններ սիրող:

Աշակերտները սովորելու մէջ ծոյլ, սովորեցնելու մէջ փութաջան, որոնք դեռ չսորված՝ աստուածաբան են:

Աշխարհականները ամբարտաւան, ստահակ, մեծախօս, աշխատանքից խուսափող, արբեցող, վնասարար:

Զինուորականները անարի, պարծենկոտ, զէնք ատող, ծոյլ, ցանկասէր, թուլամորթ, կողոպտիչ, գինեմոլ, յելուզակ, աւազակներին համաբարոյ:

Իշխանները ապստամբ, գողերին գողակից, կաշառակեր, կծծի, ժլատ, ագահ, յափշտակող, երկիր աւերող, աղտեղասէր, ստրուկներին համախոհ:

 Դատաւորները տմարդի, ստախօս, խաբող, կաշառակեր, իրաւունքը չպաշտպանող, անկայուն, ընդդիմացող:

Եւ առհասարակ սէրն ու ամօթը ամենքից վերացած»:

Իրօք ողբալի է այն հասարակութիւնը, որուն առաջնորդները չեն օգտուիր մեծերու խօսքերէն: Մինչ Խորենացի կը շարունակէ վրձինել իր օրերուն տխուր պատկերը այսպէս.

«Որովհետեւ մեզ տիրեցին խստասիրտ ու չար թագաւորներ, որոնք ծանր, դժուարակիր բեռներ են բարձում, անտանելի հրամաններ են տալիս. կառավարիչները կարգ չեն պահպանում, անողորմ են, սիրելիները դաւաճանուած են, թշնամիները զօրացած. հաւատը ծախւում է այս ունայն կեանքի համար: Աւազակներ են գալիս անհատնում եւ շատ կողմերից. տները թալանւում են, ստացուածքները յափշտակւում, գլխաւոր մարդիկ կապւում են, յայտնի անձեր բանտարկւում են, դէպի օտարութիւն են աքսորւում ազնուականները, անթիւ նեղութիւններ են կրում ռամիկները, առնւում են քաղաքները, քանդւում են ամրոցներ, աւերւում են աւաններ, հրդեհւում են շինութիւններ, անվերջ սովեր եւ հիւանդութիւններ եւ բազմատեսակ համաճարակներ»:

93 տարիներ առաջ Յուլիս 24-ին (1923) Լոզանի դաշնագիրով մեծ պետութիւններ դամբանականը գրեցին մեր իրաւունքներուն, այնքա՜ն երազուած մեծ Հայաստանին, այնքա՜ն նահատակուած մեր ժողովուրդի դատին: Բայց՝ մենք այդ դամբանականին մեղսակից չե՞նք, քանի Մովսէս Խորենացիէն մինչեւ Խորենացի փողոց կը զբաղինք եղբայրասպանութեամբ, թալանով եւ փոխ-ցեխարձակումներով:

Այսօր, Խորենացի փողոց եթէ այցելէր, դարձեալ պիտի ողբար Մովսէս Խորենացին:

Բայց, ան ողբալու համար չգրեց, այլ՝ զգաստանալու: Ինչո՞ւ կը յամենայ զգաստացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment