Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մինչ ԱԱԾ-ն Զինաթափման Կոչ Կ’ընէ «Համակարգող Խորհուրդ»ը Վերջնաժամկէտ Կու Տայ Իշխանութիւններուն

Մինչ ԱԱԾ-ն Զինաթափման Կոչ Կ’ընէ «Համակարգող Խորհուրդ»ը Վերջնաժամկէտ Կու Տայ Իշխանութիւններուն

by MassisPost

Խորենացի փողոցի վրայ  ստեղծուած «Համակարգող խորհուրդ»ը  յայտարարութիւն մը կատարելով  իշխանութիւններուն   յայտնած է, թէ իրենք մինչեւ այսօր երեկոյեան ժամը 20:00-ը պիտի սպասեն , որպէսզի իշխանութիւնները լուծեն  «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց սնունդի, դեղորայքի, ջուրի եւ  անմիջական բուժօգնութեան հարցերը:

Նշենք, որ այդ մարմին անունով հանդէս եկած է  Ալեք Ենիգոմշեանը, որ նաեւ ըսած է, թէ այսօր երեկոյեան պարզ կը դառնայ իրենց  յառաջիկայ  ընելիքներուն   ընդհանուր   պատկերը: Ան նաեւ կոչ ուղղած  է Հայաստանի մէջ գործող ազդեցիկ երկիրներու   դեսպաններուն ու Միջազգային Կարմիր Խաչին, որ ճիգ իրականացնեն խնդրի խաղաղ հանգուցալուծումը ապահովելու համար:

Նշենք, նաեւ, որ մինչ Ենիգոմշեան  սոյն յայտարարութիւնը կը կատարէր  ՀՀ ԱԱԾ –ն իր կարգին  հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով «Սասնայ ծռեր»  խումբի տղոցմէն պահանջած է անյապաղ կերպով զէնքերը վար դնել եւ յանձնուիլ իշխանութիւններուն:  ԱԱԾ-ն  նաեւ   յայտնած է, թէ անցնող օրերուն եղած են  նոր ձերբակալութիւններ   եւ  պարզ  դարձած է, որ ձերբակալեալները կապ ունին «Սասնայ ծռեր» խումբի գործունէութեան  հետ:  ԱԱԾ-ն, նաեւ «Սասնայ ծռեր» խումբին յղուած   պահանջագիրով մը եւ անոնցմէ յանձնուիլ  պահանջելով  ներկայացուցած է այն բոլոր քայլերը, որ պէտք է կատարուին   զինեալներու յանձնուումը  խաղաղ  կերպով ապահովելու  համար: Յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի , որ յանձնուելու պարագային   զինեալները սահմանադրական հիմունքներով զերծ պիտի մնան քրէական պատասխանատուութիւն կրելէ, յիշեցնելով նաեւ, որ  չյանձնուելու  պարագային «Սասնայ ծռեր» խումբի  արարքները կատարողներուն կը  հասնի մինչեւ  15 տարի բանտարկութիւն:

Ալեք Ենիգոմշեան Դիպուկահարներու մասին ահազանգ բարձրացուց

«Հիմնադիր  խորհրդարան»ի  պատասխանատուներէն  Ալեք Ենիգոմշեան  այսօր լրագրողներուն  հետ խօսելով ահազանգ բարձրացուց ՊՊԾ  կեդրոնի տարածքին շուրջ դիպուկահարներու յայտնուելու մասին: Ան նաեւ նշեց, որ արդէն 36  ժամէ ի վեր «Սասնայ ծռեր» խումբի տղաները սնունդ չեն ստացած: Ըստ Ենգիմոշեանի  իշխանութիւնները   հոսանքէ եւ   հեռախօսակապէ զրկած են ՊՊծ գունդի զօրակայանէն ներս եղող տղաքը եւ այդ մէկը նշան է, որ դէպքերը կրնան  դէպի սրացում երթալ  ու  իր ըսելով «իշխանութիւնները պատրաստ չեն  հանգիստ պայմաններու մէջ  բանակցութիւնները շարունակելու»:

Յիշեցնենք, որ  այսօր   8-րդ օրն է, որ «Սասնայ ծռեր» անունով  խումբը  գրաւման տակ կը պահէ  ՀՀ ոստիիկանութեան Էրէբունի շրջանի  ՊՊԾ  կեդրոնը: Հոն եղող բոլոր պատանդները ազատ արձակուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment