Home ԱՅԼԱԶԱՆ Աշոտ Գաբրիէլեան Ստանձնեց «Գարուն» Ամսագրի Խմբագրի Պաշտօնը

Աշոտ Գաբրիէլեան Ստանձնեց «Գարուն» Ամսագրի Խմբագրի Պաշտօնը

by MassisPost

Հայրենի բանաստեղծ Աշոտ Գաբրիէլեան ստանձնեց «Գարուն» ամսագրի խմբագրի պաշտօնը: Աշոտ Գաբրիէլեան ծնած է 13 Դեկտեմբեր 1979-ին, Արարատի մարզի Սուրէնաւան գիւղին մէջ: 1997-1999 թուականներուն ծառայած է ՀՀ ԶՈՒ-ի մէջ: Աւարտած է ԵՊՀ բանասիրական ֆակուլտետը եւ ընդունուած է ՀԳՄ-ի շարքերը։ Վարդենիսի մանկավարժական ինտիտուտին մէջ դասաւանդած է «Հայ ժողովրդական բանահիւսութիւն» եւ «Արտասահմանեան գրականութիւն»:

Բացի բանաստեղծութիւններէ, ան մամլոյ մէջ հանդէս եկած է հարիւրաւոր մշակութային յօդուածներով եւ ակնարկներով։ Մասնակցած է ՀԳՄ-եան «Գրեթերթ» երիտասարդական ամսաթերթի ստեղծման, թղթակցած է աւելի քան մէկ տասնեակ պարբերականներու։ 2010 թուականի փետրուարէն մինչեւ յունիսը հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է Արարատ մարզի Նոյակերտ գիւղի միջնակարգ դպրոցին մէջ: 2011 թուականի փետրուարէն հայոց լեզու դասաւանդած է Հայաստանի Մխիթարեան կեդրոնէն ներս, ինչպէս նաեւ խմբագրած է «Մարզաշխարհ» շաբաթաթերթը (2011 փետրուար-յունիս)։ 2011-ի օգոստոսէն կ’աշխատի ՀՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտի սփիւռքահայ գրականութեան ուսումնասիրութեան բաժնին մէջ։ 2012-ի ապրիլէն 2013-ը աշխատած է նաեւ «Հայաստանի հանրագիտարան» հրատարակչութեան մէջ։ Կը հանդիսանայ «Գրանիշ» հանդէսի համախմբագիրներէն մէկը։ Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են ֆրանսերէն, սերպերէն, պարսկերէն, վրացերէն եւ անգլերէն լեզուներու:

Հեղինակ է բանաստեղծական երեք հատորներու՝ «Հրեշտակները ասեղի ծայրին» (2001), «Հաւատացէք, քանի որ չէք հաւատալու» (2004), «Գրպանի բանաստեղծութիւններ» (2012), ինչպէս նաեւ այլ ստեղծագործութիւններ եւ թարգմանութիւններ:

Նշենք, որ մինչեւ  մահկանացուն կնքելը, «Գարուն»ի խմբագրութիւնը կը վարէր ճանչցուած արձակագիր ՝ Վարուժան Այվազեանը: Վաղ 70 -ականներու գրական միջավայրին մէջ իր ուրոյն տեղը եւ դերը ունեցած «Գարուն» ամսագրի խմբագրի պաշտօն վարած են գրողներ ՝ Վարդգէս Պետրոսեան, Լեւոն Անանեան (երկուքն ալ՝ վաղամեռիկ) եւ Մերուժան Տէր Գուլանեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment