Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Տիարպէքիրի Մէջ Պատերազմական Իրավիճակ կը Տիրէ

Տիարպէքիրի Մէջ Պատերազմական Իրավիճակ կը Տիրէ

by MassisPost

Թուրքիոյ մեծամասնութեամբ քրտաբնակ  Տիարպէքիր նահանգին մէջ իրավիճակը կը մնայ լարուած ու պատերազմական: Այս մասին տեղեկութիւնը  կը փոխանցէ  թրքական  HaberTurk    կայքը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ անցնող  ժամերուն Թուրքիոյ բանակային ուժերուն եւ քրտական  PKK-ի զինեալներուն  միջեւ ծանր բախումներ գրանցուած են  մասնաւորապէս Տիրապէքիրի Էրկանի  շրջանին մէջ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ բախումներուն   ատեն  սպաննուած են թրքական բանակի 3 զինուորներ:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ թրքական  բանակի    ջոկատ մը  յարձակում  կատարած է մէկ  զօրակայանին վրայ եւ ծանր տոյժեր կրելէ ետք ետ  քաշուած:  Քրտական կարգ մը աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ բախումները  կը շարունակուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment