Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Հայամէտ Իրաւապաշտպան Օրհան Ճէնկիզ Ձերբակալուեցաւ

Հայամէտ Իրաւապաշտպան Օրհան Ճէնկիզ Ձերբակալուեցաւ

by MassisPost

Թուրք իրաւապաշտպան եւ իր հայամէտ կեցուածքներով   յայտնի   Օրհան Քէմալ Ճէնկիզ, երէկ ձերբակալուած է Պոլսոյ մէջ:   Այս մասին   տեղեկութիւնը  տրուած է «Արեւելք» կայքը:   Կը հաղորդուի  նաեւ, որ  Ճէնկիզ ձերբակալուած է  Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանին մէջ,  երբ ճամբորդութիւնէ մը յետոյ  Թուրքիա կը վերադառնար:

15 Յուլիսին եղած   պետական  յեղաշրջման  ձախող փորձէն ասդին  Թուրքիոյ մէջ կառավարական օղակներ  մեծածաւալ  ձերբակալութիւններու կը ձեռնարկեն:  Մեծ թիւ կը կազմէ նաեւ, իրենց պետական  կամ կրթական  պաշտօններէն  հեռացողուողներուն  թիւը:  Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողան երկրին մէջ 3  ամսուան    համար   «պարէտային ժամ»  յայտարարած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment