Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՄԵՐ ԱՆԿԻՒՆԷՆ Դարձեալ Արիւն Կը Հոսի

Դարձեալ Արիւն Կը Հոսի

by MassisPost

Հայրենիքի երկնակամարը կրկին ամպոտած է: Դարձեալ արիւն կը հոսի քաղաքամայր Երեւանի մէջ:  Սահմանի վրայ թշնամին իր զօրքերը կուտակած հրճուանքով կը հետեւի մեր ներքին իրադարձութիւններուն, սպասելով պատեհ առիթին, որպէսզի փորձէ ռազմական գործողութիւններով հասնիլ իր նպատակին:

Այս  ճակատագրական պահուն, երբ ազգի համախմբուածութիւնը  հրամայական պահանջք է, ներքին տագնապները կր յաջորդեն զիրար ու յուսալքութիւնը կը մղէ ոմանց դիմելու ծայրայեղ քայլերու:

«Սասնայ Ծռեր» անուան տակ գործող զինուած խմբակի արարքը    ու այդ ընթացքին զոհերու եւ վիրաւորներու առկայութիւնը, անընդունելի նկատելով հանդերձ, չենք կրնար չարձանագրել, որ   քաղաքական  տարակարծութիւնները  զէնքի միջոցաւ լուծելու երեւոյթը նորութիւն չէ Հայաստանի համար: Այդ մշակոյթին սկիզբ դնողները եղան անոնք, որոնք պետական ահաբեկչութեան միջոցաւ հիմքը դրին այդ  գործելաոճին: Հոկտեմբեր 27-ի եւ Մարտ 1-ի ոճրագործութիւնները տակաւին թարմ կը մնան մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ, մանաւանդ որ,  երկու պարագային ալ պատասխանատուները տակաւին կը մնան անպատիժ:

Գիտենք, որ իշխանութիւնները ունին բոլոր լծակները ճզմելու համար այս ապստամբութիւնը եւս: Սակայն, այդ պարագային իսկ, երկրի դիմագրաւած հարցերը լուծում պիտի չստանան ու մենք պիտի շարունակենք պտտուիլ նոյն շրջանակին մէջ, առաջնորդուելով մէկ տագնապէն միւսը:

Ինչպիսի եզրայանգում որ ալ  ունենայ  այս ճգնաժամը, հետեւանքներուն  համար պատասխանատու են այսօրուայ իշխանութիւնները, որոնք կամայ թէ ակամայ, անցնող քսան տարիներու ընթացքին ձախողեցան իրագործել իրենց գլխաւոր առաքելութինը, որ կը կայանար ժողովուրդին ծառայելու մէջ,  ապահովելով անոր բարեկեցիկ ու արժանապատիւ կեանք, տնտեսական հաւասար պայմաններ, արդարադատութիւն,  կոռուպցիայէ զերծ պետական համակարգ, Հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութիւն, իսկ, ամենէն կարեւորը` քուէատուփի միջոցաւ իշխանափոխութեան հասնելու կարելիութիւն: Յատկապէս այս վերջինի բացակայութիւնը, կը մղեն ոմանց դիմելու ճարահատ քայլերու:

Խիստ մտահոգութեամբ  հետեւելով իրադարձութիւններուն, կը յուսանք, որ ողջամտութիւնը կը  տիրապետէ  բոլորի մօտ ու տագնապի  լուծումը կ°ապահովուի  նուազագոյն ցնցումներով:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment